Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Ընտրութիւնները Պիտի Չյետաձգուին

Արցախի Ընտրութիւնները Պիտի Չյետաձգուին

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 31 Մարտին նախատեսուած խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնները այս պահի դրութեամբ յետաձգելու մտադրութիւն չկայ: Չնայած աշխարհի ու նաեւ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի պատճառով ստեղծուած արտակարգ իրավիճակին, Արցախ այս պահուն աշխոյժ քարոզարշաւ կ’ընթանայ։ Տեղի իշխանութիւնները կը հաստատեն, որ «Քորոնա» ժահրի դէպք Ղարաբաղի մէջ չկայ։

Ինչպէս «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուց Ղարաբաղի   մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման աշխատանքները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի տեղեկատուական գրասենեակի համակարգող Տիգրան Աբրահամեան, Արցախ մեկուսացուած է 3 քաղաքացի, մօտ 2 տասնեակը ինքամեկուսացուած են։

«Այս պահին պէտք է ասեմ, որ որեւէ դէպք գրանցուած չունենք: Այս պահին Արցախում մեկուսացուած է 3 քաղաքացի Շուշիի բուժհաստատութիւնում` դրա համար կահաւորուած հաստատութիւնում: Ինքնամեկուսացուածների հետ կապուած թիւերը փոփոխական են, երեկուայ ուշ գիշերուայ դրութեամբ եղել են մօտ 2 տասնեակ: Այդ ինքնամեկուսացումներն աւելի շատ պայմանաւորուած են եղել նրանով, որ Արցախի գրանցում ունեցող մեր ուսանողներն օրինակ` արտերկրից վերադարձել են Արցախ եւ ինքնամեկուսացել են` զուտ ապահովութեան տեսակէտից ելնելով, այսինքն` որեւէ ախտանիշ չի եղել, բայց ապահովութեան համար ինքնամեկուսացել են»:

«Ազատութեան» հարցին, թէ այս պահուն ընտրութիւնները յետաձգելու որոշում Լեռնային Ղարաբաղը չուն՞ի, ան պատասխանեց. – «Եթէ նման որոշում լինէր, ապա դրա վերաբերեալ նաեւ համապատասխան եայտարարութիւն կը լինէր»:

Տիգրան Աբրահամեան ըսած է, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը միջոցառումներու երկու ցանկ հրապարակած է, թէ ընտրութիւներու օրը Առողջապահութեան նախարարութեան հետ համատեղ ինչ միջոցառումներ պիտի կատարուին, վարակի տարածման վտանգը նուազագոյնի հասցնելու համար։ Մասնաւորապէս, ընտրութիւններու օրը ընտրողները եւ յանձնաժողովի անդամները անհատական ձեռնոցներ եւ դիմակներ պիտի ունենան, իւրաքանչիւր ընտրողի պիտի տրամադրուի անհատական գրիչ, քուէարկելէ յետոյ զանիկայ չօգտագործելու պահանջով։

Մինչդեռ ընտրութիւններուն մասնակցող ընդդիմադիր «Ազգային Վերածնունդ» կուսակցութեան ղեկավար Հայկ Խանումեան կը կարծէ, որ Արցախի մէջ պէտք է արտակարգ դրութիւն եայտարարուի։ Ի հարկէ, կուսակցութիւնը պաշտօնական որոշում դեռեւս չունի, սակայն ըստ Խանումեանի` ընտրութիւններու յետաձգումը տրամաբանական է։

Չնայած Արցախի իշխանութիւններու կողմէ ձեռնարկուած կանխարգելիչ միջոցառումներուն` ընտրութիւններու օրը Հայաստանէն պէտք է դիտորդներ ժամանեն, ինչ որ պիտի մեծցնէ վարակի հնարաւոր տարածման վտանգը։ Ի դէպ, «Ազատութեան» հետ զրոյցի պահուն Հայկ Խանումեան քարոզարշաւ կը կատարէր Մարտակերտի Հովտաշէն գիւղը եւ կը հանդիպէր տեղի բնակիչներուն հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment