Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրի Նոր Դէպք չէ Գրանցուած Հայաստանի Մէջ

«Քորոնա» Ժահրի Նոր Դէպք չէ Գրանցուած Հայաստանի Մէջ

by MassisPost

«Քորոնա» ժահրի կասկածելի 9 դէպքերէն որեւէ մէկը չէ հաստատուած։ Ինչպէս ֆեյսպուքեան ուղիղ եթերի ժամանակ տեղեկացուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, կատարուած քննութիւններու արդիւնքները բացասական եղած են։

Յիշեցնենք, աւելի վաղ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգելիչ աշխատանքները համակարգող յանձնաժողովի նիստի աւարտին Փաշինեանն ըսած էր, որ 9 կասկածելի դէպքով կը սպասեն քննութեանց արդիւնքներուն։

«Ուրախ եմ տեղեկացնել, որ առողջապահութեան նախարարը նոր ինձ տեղեակ պահեց, որ բոլոր դէպքերում պատասխանը բացասական է։ Այն դէպքերում, երբ որ պատասխանը բացասական է, մեզ համար դրական է։ երբ որ ասում ենք, որ պատասխանը բացասական է, նշանակում է, որ տուեալ քաղաքացու մօտ «քորոնա» ժահր չի յայտնաբերուել», – ըսած է վարչապետը։

Հայաստանի այն քաղաքացին, որուն մօտ ախտանշուած էր «քորոնա» ժահր, ըստ վարչապետի, կը գտնուի սուր վարակիչ հիւանդութիւններու բժշկական կեդրոն, սակայն այս պահին բուժում չի ստանար, քանի որ ոչ մէկ բողոք ունի, նոյնիսկ ջերմութիւն չունի, հիւանդանոցի իր սենեակին մէջ հեռուստացոյց կը նայի։ Փաշինեանը վստահեցուցած է՝ Ծաղկաձորի «Կոլտըն Փալաս» հիւրանոցին մէջ մեկուսացուած 32 քաղաքացիներու ինքնազգացողութիւնը նոյնպէս լաւ է։

«Որեւէ մէկի մօտ ախտանշան ի յայտ չի եկել այս պահի դրութեամբ, ջերմութիւն չունեն, ինքնազգացողութեան հետ կապուած խնդիրներ չունեն», – յայտնած է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը։

Նիկոլ Փաշինեանը տեղեկացուցած է, որ կառավարութեան միջգերատեսչական յանձնաժողովը որոշում կայացուցած է երկարցնել եւ խստացնել հայ-իրանական սահմանի շուրջ գործող սահմանափակումները, այդ շարքին՝ բեռնափոխադրումներու մասով։ Ըստ վարչապետի, 5 օրուան ընթացքին Հայաստանը ժամանակաւորապէս պիտի վերականգնէ նաեւ Իրանի հետ վիզային ռեժիմը։ Փաշինեանը կոչով դիմեց նաեւ Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ հնարաւորինս սահմանափակելու ուղեւորութիւնները Իտալիոյ եւ Թուրքիոյ ուղղութեամբ։

«Հարց է հնչելու, թէ ինչո՞ւ այլ ուղղութիւններ հաղորդակցութիւնները չենք փակում։ Նախ, հնարաւոր չէ բոլոր ուղղութիւններով փակել, որովհետեւ դա նշանակում է ընդհանրապէս 100 տոկոսով մեկուսանալ։ Այս պահին մենք գնահատում ենք ռիսքային ուղղութիւնները», – նշած է վարչապետը։

Ուսումնական բոլոր հաստատութիւնները արդէն արձակուրդի մէջ են, վարչապետն ըսած է, որ մէկ շաբաթէն պիտի հասկնան՝ ինչ վիճակ է, եւ անկէ ելլելով որոշում պիտի կայացնեն։ Փաշինեանը նաեւ յորդորեց քաղաքացիներուն՝ խանութներուն մէջ խուճապային գնումներ չընել, ըստ անոր, որոշ ապրանքներու պակաս, ի հարկէ,  առկայ է՝ խօսքը դիմակներու մասին է, բայց այդ խնդիրը գոյութիւն ունի նաեւ շատ այլ երկիրներու մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment