Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իշխանութիւններուն Համար Բաւականին Դժուար Պիտի Ըլլայ 650 Հազար «Այո» Ձայն Ապահովելը

Իշխանութիւններուն Համար Բաւականին Դժուար Պիտի Ըլլայ 650 Հազար «Այո» Ձայն Ապահովելը

by MassisPost

«Իրանը մեզ բարեկամ երկիր է, բայց տուեալ պարագայում Հայաստանի անվտանգութիւնը նոյնպէս շատ կարեւոր է, եւ սահմանն ուղեւորահոսքերի համար փակելը թերեւս ամէնաճիշտ որոշումն էր»,- «Ա1+»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական հիմնարկի փորձագէտ, քաղաքագէտ, իրանագէտ Արմէն Վարդանեանը՝ անդրադառնալով Իրանի մէջ «քորոնա» ժահրի տարածման կապակցութեամբ ՀՀ իշխանութիւններու գործողութիւններուն։

Քաղաքագէտը նաեւ նշած է, որ բեռնատարներու համար սահմանները բաց են։

Անդրադառնալով Իրանի կողմէ իրանա-ամերիկեան լարուածութեան ծիրէն ներս սխալմամբ ուքրանական «Պոյինկ-737»-ի խոցումէն ետք փոխհատուցումներու թեմային՝ իրանագէտն ըսած է, որ հարցը հանգիստ կը լուծուի։

Խօսելով Ապրիլ 5-ին կայանալիք հանրաքուէի մասին՝ քաղաքագէտը նշած է, որ իշխանութիւններուն համար բաւականին դժուար պիտի ըլլայ 650 հազար «այո» ձայն ապահովելը։

«Մի քանի պատճառներով․ նախ էյֆորիան ընկել է, յետ յեղափոխական վիճակին բնորոշ էյֆորիան։ Երկրորդ արտագնայ աշխատանքների շրջանն շուտով սկսւում․ Մարտ-Ապրիլին բազմաթիւ մարդիկ գնում են արտասահման արտագնայ աշխատանքների»,- պարզաբանած է ան։

Հարցին, թէ ինչպէ՞ս կ’արձագանգէ Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը, եթէ դադրեցուին Սահմանադրական դատարանի 7 դատաւորներու լիազօրութիւնները, Վարդանեան ըսած է, որ կրնայ՝ ԵԽԽՎ գարնանային նստաշրջանին հարցը քննարկուիլ, Հայաստանի հարցով համազեկուցողները զեկոյցներ ունենալ․«Բացի դրանից, հնարաւոր է, որ ՍԴ 7 անդամները դիմեն Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարան։ Այստեղ էլ մէկ այլ խնդիր կարող է առաջանալ Հայաստանի համար»։

Իսկ եթէ հանրաքուէի արդիւնքներով «ոչ»-ը յաղթէ, քաղաքագէտն ըսած է․ «Ես կարծում եմ՝ իշխանութիւններն այդ դէպքում կ’ընդունեն Սահմանադրական դատարանի օրինականութիւնը։ Մանաւանդ, որ իրենք անընդհատ յայտարարում են, որ ժողովրդի կամքն իրենց համար ամենամեծ բանն է։ Եւ կարծում եմ՝ դրանից յետոյ Սահմանադրական դատարանի հարցն առժամանակ կը փակուի»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment