Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը Կը Զօրակցի Պըրնի Սենտըրզի Թեկնածութեան

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը Կը Զօրակցի Պըրնի Սենտըրզի Թեկնածութեան

by MassisPost

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի (ՀԱԽ ACA-PAC) քաղաքական մարմինը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն Դեմոկրատական Կուսակցութեան դրօշակակիրը դառնալու ձգտող Պըրի Սէնտըրզին:

Երեքշաբթի, Մարտ 3-ին Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունենալիք նախնական ընտրութիւններուն առթիւ ՀԱԽ կոչ կ՛ընէ շրջանի հայութեան` քուէարկելու ի նպաստ Սէնտըրզին:

«Ծերակուտական Սէնտըրզ եղած է հետեւողական ախոյեանը՝ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, ազատութիւններու եւ Ամերիկահայութեան վերաբերող օրինագիծերու աջակցութեան գծով: Այս բոլորը ապացոյց են, որ ան ունի ղեկավարի անհրաժեշտ յատկանիշները՝ դառնալու Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Հայանպաստ օրինագիծերու շարքին են անոր քուէարկութիւնները՝ Հայաստանին յատկացուղ օժանդակութեան մեծացման, Հայկական Ցեղասպանութեան Ծերակոյտի կողմէ ճանաչման, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին օգնութեան նուազեցման՝ այդ երկիրներուն մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն եւ UNESCO-ի կողմէ ճանչցուած Հայկական հին յուշարձաններու քանդումին պատճառաւ»,- ըսուած է ՀԱԽ-ի յայտարարութեան մէջ:

ՀԱԽ կը յիշեցնէ որ, Պըրնի Սէնտըրզ միակն էր որ առիթ ստեղծեց հանդիպելու Հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ ու լսելու անոնց մտահոգութիւնները: Որպէս գաղթականի զաւակ, որու ծնողները այս ափերը եկած են փախչելով հալածանքներէ, ան լաւապէս կը հասկնայ մեզ:

Corrected ACA PAC PRIMARY 2020

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment