Հայաստանը երրորդն է աշխարհի ամենառազմականացուած երկիրներու շարքին, առաջինը՝ Եւրոպայի, կը պնդէ BICC միջազգային կազմակերպութեան ամէնամեայ զեկոյցը:
Պոննիի մէջ գործող կեդրոնը կը փաստէ, որ Երեւանը ռազմական ծախսերուն կը տրամադրէ Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 6,5 տոկոսը՝ անցած տարիէն քիչ մը աւելի: Ընդ որում, այս ցուցանիշով Հայաստանը կը գերազանցէ Ատրպէյճանը, որ դիտարկուած 154 երկիրներու շարքին մէջ զբաղցուցած է 10-րդ հորիզոնականը:
Ուսումնասիրութիւնը նշած է. – «Ղարաբաղեան չկարգաւորուած հակամարտութեան պատճառով կողմերը կը շարունակեն էական միջոցներ ներդնել բանակին մէջ, թէ՛ Երեւանը, թէ՛ Պաքուն կ’արդիականացնեն սպառազինութիւնները՝ մեծածաւալ համաձայնագրեր կնքելով Ռուսաստանի հետ»: