Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Հանրաքուէի Քարոզարշաւը Սկիզբ Պիտի Առնէ Փետրուար 17-ին

Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Հանրաքուէի Քարոզարշաւը Սկիզբ Պիտի Առնէ Փետրուար 17-ին

by MassisPost

Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի քարոզարշաւը պիտի մեկնարկի Փետրուար 17-ին ու պիտի աւարտի Ապրիլ 3-ին։ Այս մասին յայտարարած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը։ Հանրաքուէի հիմնական միջոցառումներու ժամանակացոյցը հաստատուած է:

«Քարոզարշաւի համար սահմանուած է 44 օր ժամկէտ», – յայտնած է ան:

Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծով խորհրդարանական մեծամասնութիւնը առաջարկած է դադրեցնել Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի եւ 6 անդամներու լիազօրութիւնները։ Առաջարկող փոփոխութիւններով կը նախատեսուի դադրեցնել մինչեւ 2018-ի Ապրիլ 9-ը ընտրուած ՍԴ նախագահի ու անդամներու պաշտօնավարումը։ Նախագիծը չի վերաբերիր միայն դատաւորներ Արման Դիլանեանին եւ Վահէ Գրիգորեանին։

Պիտի ձեւաւորուի «Այո»-ի եւ «Ոչ»-ի մէկական շտապ։ Արդէն յայտնի է, որ «այո» շտապը պիտի ղեկավարէ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանը: «Ոչ» քարոզչական կողմ նախաձեռնելու համար կրնան դիմել նախագիծին դէմ քուէարկած պատգամաւորները, որու համար կը տրուի 7 օր, չդիմելու պարագային կը գործէ այլ տարբերակ։

«Եթէ նշուած ժամկէտում որեւէ մէկը չի դիմում, չի գրանցւում, ապա այդ ժամկէտի սպառուելուց յետոյ արդէն 50 քաղաքացիներից կազմուած խումբը կարող է դիմել եւ գրանցուել որպէս «Ոչ» քարոզչական նախաձեռնութիւն», – ըսած է ԿԸՅ նախագահը:

Դեռ քարոզարշաւը չսկսած «Այո»-ի եւ «Ոչ»-ի կողմնակիցները սկսած են քարոզը։ Որպէս օրինակ բերուած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները Ֆեյսպուքի մէջ։ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահի խօսքով՝ օրէնքով սահմանուած ժամանակահատուածէն դուրս քարոզչութիւն կրնայ իրականացուիլ։ Իսկ քարոզչութեան ժամանակահատուածը անոր համար է, որ որոշ սահմանափակ միջոցեր, օրինակ՝ եթերաժամանակի բաշխումը, պաստառներու փակցնելու տեղերը, դահլիճներու տրամադրումը կանոնակարգուին, եւ այդ ընթացքին պահպանուի կողմերու հաւասար քարոզչութեան իրաւունքը։

Քուէարկողներու յստակ թիւը դեռ չի նշուիր, այն յառաջիկայում պիտի հրապարակէ լիազօր մարմինը՝ ոստիկանութիւնը։

Հանրաքուէի վրայ ծախսուելիք գումարի չափը դեռ յստակ չէ։ ԿԸՅ նախագահը տեղեկացուցած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ պիտի ծախսուի այնքան գումար, որքան ծախսուած է 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ՝ 2.5 -2.7 միլիառ դրամի սահմաններուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment