Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲՀԿ-Ի Համար Առանցքային Է Վենետիկի Յանձնաժողովի Դիրքորոշումը, Մինչդեռ «Իմ Քայլի» Համար՝ Ոչ Պարտադիր

ԲՀԿ-Ի Համար Առանցքային Է Վենետիկի Յանձնաժողովի Դիրքորոշումը, Մինչդեռ «Իմ Քայլի» Համար՝ Ոչ Պարտադիր

by MassisPost

Գագիկ Ծառուկեանի ղեկավարած «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը առանցքային կը համարէ սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծի վերաբերեալ Եւրոպայի խորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովի դիրքորոշումը։

«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեանը կը շեշտէ՝ ընդհանուր առմամբ իրենք կողմ են հանրաքուէի գաղափարին, սակայն չեն մասնակցած քուէարկութեան, քանի որ կը բացակայէր Վենետիկի յանձնաժողովի եզրակացութիւնը, ինչպէս նաեւ չէին պահպանուած սահմանուած ընթացակարգերը, տուեալ պարագային կը բացակայէր Պետաիրաւական յանձնաժողովի եզրակացութիւնը։ Այնպես որ, այս պահին ԲՀԿ-ի մէջ չկայ յստակ դիրքորոշում՝ կայանալիք հանրաքուէի վերաբերեալ։

«Երբ որ կը լինի արդէն Վենետիկի յանձնաժողովի եզրակացութիւնը, եթէ, ի հարկէ, մեր գործընկերները հարկ համարեն արձագանգել համազեկուցողներին եւ ուղարկել Վենետիկի յանձնաժողով, թէ ինչպիսին կը լինի «Բարգաւաճի» դիրքորոշումը հանրաքուէի վերաբերեալ, մենք դեռ կը քննարկենք», – ըսած է Զոհրապեանը։

Մինչդեռ իշխող «Իմ քայլէն» պատգամաւոր, Պետաիրաւական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանը կը պնդէ՝ ստիպողական պահանջ չկայ, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը պէտք է ուղարկուի Վենետիկի յանձնաժողով։ Այնուամենայնիւ իշխանութիւնը կ’ընէ՞ այդ քայլը, թէ՞ ոչ, Վարդանեանն ըսած է՝ առայժմ չեն կրնար ըսել։ Նախ պէտք է սպասել, որ նախագահ Արմէն Սարգսեանը ստորագրէ հանրաքուէի նշանակման մասին հրամանագիրը։

Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, թէ արդեօ՞ք սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը պիտի ուղարկուի Սահմանադրական դատարան՝ եզրակացութիւն ստանալու համար, հաշուի առնելով Սահմանադրութեան 168-րդ յօդուածը, Վլատիմիր Վարդանեանն ըսած է, որ Սահմանադրական դատարանի եզրակացութեան անհրաժեշտութիւնը կ’առաջանայ միայն այն պարագային, եթէ իրենք դիմեն դատարանին։

«Հանրաքուէի մասին որոշումը կայացուելուց յետոյ կարծես թէ մենք որեւիցէ ստիպողական պահանջ էս առումով չունենք՝ Սահմանադրական դատարանի կարծիքը ստանալու», – ըսած է ան։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment