ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ալեն Սիմոնեանը լուրջ չի վերաբերիր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան շարքերէն վարչապետի նոր թեկնածու փնտռելու մասին ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի առաջարկին: Այս մասին Սիմոնեանն ըսած է «Ազատութիւն» ռատիոկայանի եթերին:
«Անլուրջ եմ վերաբերում առաջարկին, որովհետեւ վարչապետը ոչ միայն կուսակցութեան, այլեւ ամբողջ ժողովրդի թեկնածուն է, որովհետեւ ընտրուել է հարիւր հազարաւոր մարդկանց կողմից: Պարոն Վանեցեանին առաջարկում եմ դուրս գալ փողոց, Օփերայի յարակից հրապարակում այդ առաջարկը անել, եւ տեսնել, թէ քաղաքացիներն ինչպէս կ’արձագանգեն»,- ըսած է Սիմոնեանը:
Անդրադառնալով ԱԱԾ տնօրէնի պաշտօնին Վանեցեանի նշանակման, Ալեն Սիմոնեանը նշած է որ Վանեցեանի թեկնածութիւնը ինք առաջարկած է վարչապետին, եւ այսօր կը ցաւի, որ նման իրավիճակ ստեղծուած է:
Ալեն Սիմոնեանը Ազատութիւն ռատիոկայանի եթերին պատմած է, որ 2019 թուականի սկիզբը Հրայր Թովմասեանը Վանեցեանի միջոցով յայտնած է, որ պատրաստ է ամէն ձեւով աշխատիլ իշխանութիւններու համար: Սիմոնեանը կասկած ունի, որ այդ պահին, երբ Վանեցեանը կը խօսէր իր հետ, միացուած էր նաեւ բարձրախօսը, եւ հնարաւոր է, Վանեցեանի մօտ էր նաեւ Թովմասեանը: Սիմոնեանի խօսքով, քանի մը օր անց անսպասելի գրկախառնութեան արժանացած է Հրայր Թովմասեանէն, որ ըսած է՝ նորմա՞լ է հիմա ամէն ինչ: Սիմոնեանը նշած է, որ ըսած է՝ «Նորմալ ա, ասացի: Հասկացայ, որ դա մեր խօսակցութեան շարունակութիւնն էր»: