Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Պոլսահայ Միութիւնը Նշեց Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 13-րդ Տարելիցը

Պոլսահայ Միութիւնը Նշեց Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 13-րդ Տարելիցը

by MassisPost

Արդարութեան եւ ազատութեան մեծ ռահվիրայ, Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի բազմաթիւ հանդիսութիւններ եւ միջոցառումներ տեղի ունեցան թէ Պոլսոյ եւ թէ այլ քաղաքներու մէջ:

Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելոսի Պոլսահայ Միութեան, Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13-րդ տարելիցին առթիւ Կիրակի, Յունուար 19-ին տեղի ունեցաւ միջոցառում, որուն որպէս գլխաւոր բանախօս ներկայ եղաւ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայկական բաժնի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսթուքեան:

 

Արդարեւ Պոլսահայ Միութեան «Հրանդ Տինք» հանդիսասրահ եկած բազմահարիւր ներկաներուն մէջ կը նշմարուէին գաղութիս հայկական բոլոր յարանուանութեանց առաջնորդներն ու քաղաքական, մշակութային եւ հայրենակցական միութիւններու ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները:

Հայութեան եւ արդարութեան քաջամարտիկ Հրանդ Տինքի տեսլականին մասին պերճախօս ելոյթով հանդէս եկաւ Արեւմտեան Թեմի Հայց. Եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Սրտի խօսքերով արտայայտուեցան նաեւ Տօքթ. Յովհաննէս Աւետիքեան, իրաւաբաններ Էտվին Մինասեան, Ռոյ Առաքելեան եւ Կարօ Ղազարեան, ինչպէս նաեւ Ռոզլին Մատոյեան, Գանա Յովհաննիսեան ¤Հայաստանի աւագ հիւպատոսութեան անունով) եւ գոնկրեսական Պրատ Շէրման:

Օրուան գխաւոր բանախօսն էր Կարօ Փայլանի անձնակազմի նախկին ղեակավարուհի Թամար Նալճը: Ան Հրանդ Տինքի հարցով դատավարութեան գործընթացի մասին խօսելէ ետք եզրակացուց «… կ՛ուզէնք հաւատալ որ պայքարը պիտի շարունակուի բոլոր անարդարութիւններու դէմ»:

Սրտաբաց զրոյցով հանդէս եկաւ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի գլխաւոր խմբագիր, վիպասան եւ հեղինակ Բագրատ Էսթուքեան: Խօսելով Հրանդ Տինքի մասին, ան ի մէջ այլոց ըսաւ. «…Հրանդ Տինքի խաղաղասէր, ամէն գնով կ՛ուզէր որ երկխօսութիւնով իրար հասկնալ, լսել, տեսնել, սրտի ձայնն իմանալ: Ան երբեք թրքատեաց չեղաւ: Հրանդ՝ իր տարածած գաղափարներով, կասկածներու դուռ բացաւ եւ այդ սուղ արժեց իրեն ու թուրք ազգայնական անձի մը զոհը դարձաւ…: Հրանդ ժողովուրդներու բարեկամութեան ջահակիր էր եւ մեծ հաւատացող մը:»

Այս առթիւ՝ Բագրատ Էսթուքեան քանի մը գնահատագիրներու արժանացաւ, որոնցմէ կարեւորագոյնն էր «Հրանդ Տինքի Հոգիի Ազատութեան եւ Արդարութեան» տարեկան շքանշանը:

Երեկոյթի վերջին մասին տեղի ունեցաւ հարցազորյց-քննարկում օրուան յայտագրի գլխաւոր խօսողներուն հետ:

DSC_0677

DSC_0700

DSC_0730

DSC_0826

DSC_0781

DSC_0824

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment