Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հեղինակաւոր անգլիալեզու Gulf News-ը ներկայացուցած է 2020 թուականի համար ճանապարհորդութեան լաւագոյն ուղղութիւնները: «Արմէնբրես»–ի հաղորդմամբ, այդ ուղղութիւններու մէջ ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանը:
Օրական աւելի քան 100 հազար տպաքանակ ունեցող թերթի յօդուածի հեղինակը ճանապարհորդական ուղղութիւնները ներկայացուցած է առանձին լուսանկարներով: Հայաստանի մասին լուսանկարները կը պատկերեն Սեւանն ու Ծաղկաձորը:
Յօդուածին մէջ որպէս առանձին ճանապարհորդական ուղղութիւն ներկայացուած են նաեւ Փաքիստանը, Աւստրիան, Իտալիան: