Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանադրական Բարեփոխումներու Յանձնաժողովը Պիտի Սկսի Գործել

Սահմանադրական Բարեփոխումներու Յանձնաժողովը Պիտի Սկսի Գործել

by MassisPost

Վարչապետի որոշմամբ սկսած է սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի ստեղծման գործընթաց: Յանձնաժողովը կազմուած պիտի ըլլայ 15 անդամէ, կազմին մէջ ի պաշտօնէ պիտի ընդգրկուին արդարադատութեան նախարարը եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, բացի այդ, դատաւորներու ընդհանուր ժողովի 1 ներկայացուցիչ, 6 գիտնական անդամ, հասարակական կազմակերպութիւններու 2 ներկայացուցիչ, մէկական ներկայացուցիչ ալ խորհրդարանական իւրաքանչիւր խմբակցութիւն պիտի ունենայ:

Ազգային ժողովի ամենամեծ ընդդիմադիր խմբակցութիւնը՝ «Բարգաւաճ Հայաստանը», հարցը դեռ չէ քննարկած:

«Լուսաւոր Հայաստանը» պիտի մասնակցի Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի աշխատանքներուն: Թէ ո՞վ պիտի ըլլայ անոնց ներկայացուցիչը, ըստ խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի, պիտի որոշեն ապագային: Ի՞նչ օրակարգով պիտի մասնակցին, Մարուքեանի խօսքով՝ ընդդիմութեան կողմէ դեռ Սերժ Սարգսեանի կառավարման ժամանակ քաղաքական օրակարգ դարձած խնդիրները պէտք է լուծուին: Մարուքեանը պարբերաբար կը յայտարարէ, որ սուփըրվարչապետական համակարգը յեղափոխութենէն ետք ալ, ըստ էութեան, կը շարունակուի պահպանուիլ: Կը կարծէ՝ եթէ մնայ միանձնեայ քաղաքական կառավարման համակարգը, դարձեալ ցնցումներ պիտի ըլլան:

«Հիմա կայ առիթ այդ մոնոփոլ քաղաքական համակարգը վերափոխելու, դրա քաղաքական կամքն այսօրուայ վարչապետը յայտարարել է, որ ունի, մենք էլ պատրաստ ենք նրա հետ լծուելու եւ այդ կամքը կեանքի կոչելու եւ ունենալու այնպիսի Սահմանադրութիւն, որ վաղը, միւս օրը որեւէ մէկի համար, որեւէ ուժի համար խնդիր չլինի քաղաքական գործընթացներում մասնակցութեան եւ խնդիր չդառնայ, որ երկրում նորից յեղափոխութեան կարիք ու անհրաժեշտութիւն լինի», – ըսած է ան:

Իշխանական «Իմ քայլէն» Վահագն Յովակիմեանն ըսած է՝ խմբակցութեան մէջ դեռ չեն քննարկած, թէ՛ ներկայացուցիչի հարցը, թէ՛ օրակարգի հարցը: Ան իր անձնական կարծիքը յայտնած է՝ Սահմանադրութենէն պէտք է հանել անձերը. – «Քանի որ նախկինում անձերով պայմանաւորուած է գրուել թեքսթը, պէտք է թեքսթի մէջից հանել անձերին, այսինքն՝ այս ամէնը պիտի արուի, բայց միեւնոյն ժամանակ, օրինակ, երբ յանձնաժողովը ձեւաւորուի, ընդհանուր բանավէճը գնալու է, ես համոզուած եմ, որ՝ նախագահական, խորհրդարանական, թէ կիսանախագահական, այսինքն՝ այս 3 կառավարման մոտելներից որով է Հայաստանը շարունակելու իր զարգացումը»:

Սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովը պիտի սկսի աշխատիլ Փետրուար ամսուան  ընթացքին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment