Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Առաջիկայ Երեք Տարիներուն Հարաւային Կովկասի Մէջ Հայաստանը Պիտի Ունենայ Ամենաբարձր Տնտեսական Աճը World Bank-Ի Կանխատեսումը

Առաջիկայ Երեք Տարիներուն Հարաւային Կովկասի Մէջ Հայաստանը Պիտի Ունենայ Ամենաբարձր Տնտեսական Աճը World Bank-Ի Կանխատեսումը

by MassisPost

Համաշխարհային դրամատան գնահատմամբ, առաջիկայ երեք տարիներուն Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանը պիտի ունենայ ամենաբարձր տնտեսական աճը։ Ընդ որում՝ եթէ միջազգային հեղինակաւոր այդ կազմակերպութիւնը Ատրպէյճանի ու Վրաստանի պարագային աւելի ցած տնտեսական աճ կը կանխատեսէ, քան նշած էր իր նախորդ՝ 2019 թուականի Յունիսի զեկոյցին մէջ, ապա Հայաստանի պարագային կը գտնեն, որ տնտեսական աճը աւելի բարձր պիտի ըլլայ՝ իրենց նախորդ կանխատեսման համեմատ։

Ըստ Համաշխարհային դրամատան հրապարակած զեկոյցի` Global Economic Prospects, 2019 թուականը Հայաստանը փակած է 6,9 տոկոս աճով, իսկ այս տարի պիտի ունենայ՝ 5,1 տոկոս, 2021 թուականին աւելի բարձր՝ 5,2 տոկոս, նոյնքան ալ 2022 թուականին։

Անցեալ տարուան Յունիսին դրամատունը կանխատեսած էր, թէ հայաստանեան տնտեսական աճը պիտի ըլլայ աւելի ցած՝ 2019 թուականի համար 4,2 տոկոս աճ, իսկ 2020-ի համար՝ 4,9 տոկոս։

Վրաստանի պարագային թիւերը կը զիջին։ 2019 թուականը մեր հիւսիսային հաեւանը ամփոփած է 5,2 տոկոս աճով, 2020-ը պիտի փակէ 4,3 տոկոսով, 2021 թուականը՝ 4,5 տոկոսով, նոյնքան ալ՝ 2022-ը։ Ընդ որում, դրամատունը կէս տոկոսային կէտով վատացուցած է այս տարուան եւ 2021 թուականի վրաստանեան տնտեսական աճի ցուցանիշը։ Նախորդ զեկոյցին մէջ նշուած էր, որ այս տարի Վրաստանը պիտի ունենայ 4,8 տոկոս աճ, իսկ 2021-ին՝ 5 տոկոս։

Ատրպէյճանի թիւերը աւելի ցած են։ Համաշխարհային դրամատան գնահատմամբ, 2019 թուականը Պաքուն փակած է 2,5 տոկոս աճով, այսինքն՝ հայաստանեան տնտեսական աճէն աւելի քան 2,7 անգամ ցած թիւով։ 2020-ին Ատրպէյճանի մէջ պիտի գրանցուի 2,3 տոկոս տնտեսական աճ, 2021-ին՝ 2,1 տոկոս, նոյնքան ալ 2022 թուականին։ Ընդ որում, 2019 թուականի Յունիսի զեկոյցը աւելի բարձր թիւեր կանխատեսած էր ատրպէյճանական տնտեսութեան համար, սակայն աճը նուազեցուած է ե՛ւ 2019-ի համար՝ 0,8 տոկոսային կէտով, ե՛ւայս տարուան համար՝ 1,2 տոկոսային կէտով, ե՛ւ 2021 թուականի համար՝ 1,6 տոկոսային կէտով։

Եթէ ի մի բերենք, ըստ Համաշխարհային դրամատան, 2018-2022 թուականներուն՝ հինգ տարուան ընթացքին Հայաստանի միջին տարեկան տնտեսական աճը պիտի կազմէ 5,5 տոկոս, Վրաստանինը՝ 4,6 տոկոս, իսկ Ատրպէյճանինը՝ 2 տոկոս կամ մօտ 2,7 անգամ պակաս հայաստանեան աճէն։

Հայաստանի կառավարութիւնը վստահ է՝ 2019 թուականը փակած են առնուազն 7,5 տոկոս աճով։ Այդ մասին գործադիրի նախորդ տարուան վերջին նիստին յայտարարեց տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեանը։

Կառավարութեան այս տարուան առաջին նիստին, տնտեսական աճին անդրադարձած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ իր խումբի անդամներէն պահանջելով լաւացնել ցուցանիշը։

«Խնդիրը ձեւակերպուած է շատ յստակ, մենք նախորդ տարուայ համար սպասում ենք բաւականին բարձր տնտեսական աճ, եւ 2020 թուականին տնտեսական աճի մեր ցուցանիշը պէտք է լինի աւելի լաւը, քան 2019 թուականին», – ըսած է Փաշինեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment