Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Նշուեցաւ Սուրբ Ծննդեան Տօնը

Հայաստանի Մէջ Նշուեցաւ Սուրբ Ծննդեան Տօնը

by MassisPost

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին  նշեց Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնը: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ՝ Յունուար 6-ին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի հանդիսապետութեամբ մատուցուեցաւ Փրկիչի Ծննդեան տօնին նուիրուած պատարագ:

Պատարագին ներկայ եղած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք։

christmas-3

Փրկիչի Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօնակատարութիւններու առաջին յիշատակութիւնները սկսած են 3-րդ դարէն: Արեւելեան քրիստոնէական եկեղեցիները մինչեւ 4-րդ դար Քրիստոսի Ծննդեան տօնը կապած են Աստուածյայտնութեան, այսինքն՝ Մկրտութեան տօնի հետ, որ նշուած է Յունուար 6-ին: Բայց 336 թուականին Հռոմի եկեղեցին Դեկտեմբեր 25-ը պաշտօնապէս սահմանած է Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան օր՝ այսպիսով հինէն ի վեր ճիշդ այդ օրը տօնուող Միթրայի տօնակատարութիւնները ժողովուրդի համար վերածելով նոր կրօնական իրադարձութեան:

451 թուականին Քաղկեդոնի ժողովը վերջնականապէս Դեկտեմբեր 25-ը սահմանեց Փրկիչի Ծննդեան տօն: Եւ այդ ժամանակներէն ի վեր միայն Հայ Առաքելական եկեղեցին է, որ կը շարունակէ Յունուար 6-ին նշել Ծննդեան տօնը: Իսկ Փրկիչի Մկրտութեան տօնը, որ կը խորհրդանշէ Յիսուսի մկրտութիւնը Յորդանան գետի մէջ Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ, Կաթոլիկ եկեղեցին ալ կը շարունակէ նշել Յունուար 6-ին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment