Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Թոյլ Տա՛նք Զարգանայ Երկիրը

Թոյլ Տա՛նք Զարգանայ Երկիրը

by MassisPost

‘When they go low, we go high’
Michele Obama

Zaven-KhanjianԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ

Դուք կարդացա՞ծ էք Բագրատ Այվազեանի «Անին Ծախուեցաւ»:

Կամ Ստեփան Զորեանի «Պապ Թագաւոր»ը:

Դուք կարդացա՞ծ էք Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք»ը:

Կամ Սերո Խանզատեանի «Մխիթար Սպարապետ»ը:

Հայոց պատմութեան հարազատ էջերէն հիւսուած վէպեր են վերոյիշեալները որ կ’երկարին չորրորդ դարէն մինչեւ տասնըութերորդ դար, ընդհանրապէս տարածուելով հայ ժողովուրդի յետ քրիստոնէութեան ընդունման պատմութեան ժամանակամիջոցին վրայ:

Թէեւ վէպ են վերոյիշեալ հատորները սակայն այնտեղ մեր պատմագէտ հեղինակները կարողացած են հայելին դառնալ օրուայ պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու, օրուայ ծանօթ աշխարհի գերիշխող ուժերուն, ներքին եւ արտաքին իշխանական հոսանքներու, աշխարհաքաղաքական բարի կամ չար դրացնութիւններու, աշխարհային եւ եկեղեցական իշխանութիւններու յարափոփոխ յարաբերութեան եւ այս բոլորին մէջ հանգոյցներ ստեղծող եւ գոյացնող ճակատագրական սադրանքներու, դաւադրութիւններու եւ նենգամտութեան:

Չէ՞ք կարդացած վերոյիշեալ վէպերը:

Ոչի՛նչ:

Ինծի կը թուի թէ ժամանակակից մեր պատմութիւնը, գուցէ մի քիչ մշուշապատ բայց արդիական տարազներով եւ բովանդակութեամբ եւ անպայման 21րդ դարու թէքնոլոճիի ծնունդ հասարակական եւ ընկերային  համացանցերու էջերով մեզ կը յիշեցնէ վերոյիշեալ վէպերով ցոլացուած մեր պատմութեան ափսոսալի էջերը:

Անկախութեան առաջին քսանութ տարիներու փտածութեան, յուսախաբութեան, յուսալքութեան, արտագաղթի եւ լայնածաւալ աղքատութեան խեղդիչ հանգրուանէ մը ետք, հազիւ հեշտանքը տրուեցաւ մեր ժողովուրդին՝ ինք ի՛ր ճակատագրի տէրը եղած ըլլալուն, ահա ծրագրուած ապատեղեկատուութեան խլացնող աղմկալի խոյանքներու ականատեսներն ենք:

Զիրար խաչաձեւող ամբաստանութիւններ, զրպարտութիւններ, հնարքներով ծածկուած դիմատետրեան տխեղծ ազդեր, բռնազբօսիկ գործողութիւններ, այս բոլորը հայրենական լրատուական հրապարակը խիտ կերպով հագեցուցած են:

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան բախտորոշ հարիւրամեակին, հայ ժողովուրդը՝ խաղաղ, անարիւն եւ մասսայական հրապարակային պորթկումով մը տէր դարձաւ իր ճակատագրին եւ ժողովրդարար կարգերու հաստատումով, արմատականօրէն փոխեց իր գոյատեւման ուղղութիւնը:

Երկիրը ունի իր սահմանադրական կարգերը եւ ամէն ինչ որ կատարուեցաւ, ուղղամտօրէն, գիտակցօրէն եւ ամէնայն ողջամտութեամբ ընթացաւ սահամանադրական կարգերով հաստատուած օրէնքի լոյսին տակ:

Դէ՜հ, քննանդատելիք բան կա՞յ, անպայմա՛ն կայ: Քաղաքակիրթ ոճով քննադատենք:

Թող մեր քննադատութիւնը ըլլայ կառուցողական, կենսագործիչ, օգտակար եւ բարին ընդհանուրին կամեցող:

Յաճախ կը հպարտանանք քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ազգը ըլլալու իրականութեամբ:

Հազար եօթը հարիւր տասնը ութը տարիէ իվեր ին՞չ սորուեցանք կիրարկել Քրիստոսի վարդապետութենէն:

Հաւատք քարոզելու մէջ սխալ բան չկայ բայց այդ չէ իմ պատգամս: Քրիստոնէական վարդապետութիւնը քաղաքակրթութեան պատուանդան է: Վարուելակե՛րպ: Անտառի օրէնքէն մարդ արարածը դուրս հանող վարուելակերպ: Յարգանքի եւ խոնարհութեան վարուելակերպ: Հոգածութեան եւ սիրոյ վարուելակերպ: Երկայնամտութեան եւ հանդուրժողութեան վարուելապերպ: «Ծանիր Զքեզ»եան վարուելակերպ: Եւ վերջապէս իմաստութեան արմատը հանդիսացող, մեծամտութենէ հեռու մնացող գիտակցութիւն՝ թէ մեզմէ ոեւէ մէկը ամենագէտ չէ, անսխալ չէ, ամենակարող չէ եւ օրէնքէն վեր չէ:

Հայ ժողովուրդը այսօր վստահութեան քուէն տուած է: Այդ վստահութիւնը յաւիտենական չէ: Այդ վստահութիւնը անխախտելի ալ չէ այլ ետ կոչուելու ատակ՝ օրէնքի սահմաններու պարագիծով:

Տասնամեակներու օրինազանցութիւններէ,  հարստահարումէ եւ ինքնահարստացումներէ ետք, այսօր՝ մաքուր, բարոյականի տէր եւ ժողովուրդին ծառայելու ոգին բարձր պահող իշխանութիւն մը ունի հայրենիքը:

Սխալական ե՞ն: Անշո՛ւշտ:

Անփորձ ե՞ն: Յարաբերական է եւ օգնենք շահին այդ փորձառութիւնը:

Թոյլ տանք ծառայեն՝ առանց իշխանութեան գլուխ գալու այլոց փափաքը խանգարելու:

Թոյլ տանք ծառայեն՝ սատարելով պետութեան եւ ժողովուրդին, որովհետեւ ներելի չէ մեզի որեւէ պատճառաւ, ժողովուրդի զարգացումին եւ հայրենիքի հզօրացումին նպաստող ամենափոքր առիթն իսկ կորսնցնել:

Իմաստութեան գագաթնակէտը մեծամիտ եւ յաւակնոտ ղեկավարներու իմացականութեան մէջ չէ՝ այլ ժողովուրդի հաւաքական կամքին մէջ:

Թոյլ տա՛նք ժողովուրդի կամքը իր ժողովրդավարական ընթացքը շարունակէ:

Թոյլ տա՛նք եւ օգնենք որ երկիրը խաղաղօրէն զարգանայ, հզօրանայ:

Մեր բոլորին հայրենասիրութեան եւ քաղաքացիութեան ճիտի պարտքն է այդ:

Այսօրուայ Հռովմը, Բիւզանդիոնը, Շապուհն ու Թուրքը լորձնաշուրթն դռան են:

Թոյլ տա՛նք զարգանայ երկիրը:

********

Յօդուածին մէջ արտայայտուած մտքերը կը պատկանին լոկ յօդուածագրին եւ որեւէ կերպով չեն ցոլացներ անոր ծառայած հաստատութեան կարծիքն ու տեսակէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment