Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Զինուած Ուժերու Ղեկավար Կազմը Քննարկած Է Մերձաւոր Արեւելքի Տարածաշրջանին Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Հայաստանի Զինուած Ուժերու Ղեկավար Կազմը Քննարկած Է Մերձաւոր Արեւելքի Տարածաշրջանին Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

by MassisPost

Հայաստանի Զինուած ուժերու ղեկավար կազմը Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս հրաւիրուած խորհրդակցութեան ժամանակ քննարկած է Մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանին մէջ վերջին օրերուն ստեղծուած իրավիճակը։

Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը Ֆեյսպուքի իր էջին տեղեկացուցած է, որ այդ ուղղութեամբ տրուած են յատուկ ցուցումներ։

Նոյն առիթով խորհրդակցութիւն հրաւիրած էր Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնն աւելի ուշ յայտարարութիւն տարածեց, թէ պաշտօնական Երեւանը խորապէս մտահոգուած է իրանցի զօրավար Քասէմ Սուլայմանիի սպանութեան յաջորդած Մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանի լարուածութեամբ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է, որ անոնք կրնան աւելի վտանգել տարածաշրջանային խաղաղութիւնը եւ ապակայունացնել իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ անկէ դուրս: Արտաքին գերատեսչութիւնը շեշտած է՝ Հայաստանը հանդէս պիտի գայ բացառապէս խաղաղ միջոցներով իրադրութեան լիցքաթափման դիրքերէ:

«Հայաստանը կը շարունակի սերտօրէն համագործակցել իր բոլոր գործընկերների հետ՝ ի շահ տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան», – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

«Սրանք զարգացումներ են, որոնց վրայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ պահի դրութեամբ որեւէ կերպ ազդել չի կարող։ Մենք պարզապէս պէտք է հետեւենք զարգացումներին եւ փորձենք, եթէ հնարաւորութիւն լինի, մեր մասով յորդոր, կանխազգուշացում, կանխարգելում իրականացնել», – ըսած է իրանագէտ Գոհար Իսքանտարեանը։

Իսքանտարեանը համոզուած է՝ այս պահին որպէս այդպիսին որեւէ սպառնալիք չկայ, յատկապէս Հայաստանին։ Իրանագէտը յիշեցուցած է՝ Իրան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մէջ նման իրավիճակները նորութիւն չեն։

«Գրեթէ 40 տարի է նրանք այսպիսի լարուած իրավիճակում են։ Ի հարկէ, ժամանակ առ ժամանակ սրացում  է տեղի ունենում, յարաբերութիւնների սրացում է լինում, վատացում է լինում, լինում են տարիներ, որ մի փոքր աւելի հանդարտ է լինում իրավիճակը, եւ սա հիմնականում կախուած է լինում՝ Միացեալ Նահանգների իշխանութեան գլուխը հանրապետականներն են կանգնած, թէ դեմոկրատներն են կանգնած։ Սրանից բաւական տարբերութիւն է լինում եւ զարգացումներն էլ ըստ այդմ փոփոխութեան են ենթարկւում», – նշած է իրանագէտը։

Իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ պայթունավտանգ չէ կամ ալ պատերազմի հաւանականութիւնը շատ քիչ է, համոզուած է «Ազատութեան» իրանական ծառայութեան լրագրող Ռուբիկ Մինասեանը։ Վերջինս ուռճացուած կը համարէ մասնաւորապէս համացանցի հայկական տիրոյթին մէջ ԱՄՆ-Իրան յարաբերութիւններու վերաբերեալ որոշ մեկնաբանութիւնները, թէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու սրացումը բացասաբար կ’ազդէ Հայաստանի վրայ։

«Ե՛ւ Իրանի կողմից պատերազմի գնալու որեւէ նախապայման, որեւէ տնտեսական նախապայման եւ քաղաքական չկայ, ե՛ւ Ամերիկայի կողմից չկայ։ Ինչ վերաբերում է Քասէմ Սոլայմանիի վերացմանը կամ ահաբեկմանը, դա ինչպէս Թրամփն է ասել, աւելի շուտ պէտք է արուէր։ Այսինքն՝ տարածաշրջանն անկայուն դարձնող ամենակարեւոր անձնաւորութիւններից մէկը վերացել է, էդպէս պէտք է մօտենանք», – ըսած է Ռուբիկ Մինասեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment