Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հիւսիս-Հարաւ» Ծրագրի Մեկնարկէն 6 Տարի Անց Ճանապարհի Միայն Մէկ Հատուածը Պատրաստ Է

«Հիւսիս-Հարաւ» Ծրագրի Մեկնարկէն 6 Տարի Անց Ճանապարհի Միայն Մէկ Հատուածը Պատրաստ Է

by MassisPost

«Հիւսիս-Հարաւ» ճանապարհի շինարարական ծրագրի մեկնարկէն 6 տարի անց ճանապարհի միայն մէկ հատուածը պատրաստ է՝ բաժին թիւ մէկը: Անոր երկարութիւնը 31 քիլոմեթր է: Վերջին 6 տարին աւելի քան 550 քիլոմեթր ճանապարհէն միայն այդ հատուածը շահագործման յանձնուած է:

Այս ժամանակահատուածին պէտք է աւարտած ըլլար ամբողջ ճանապարհի շինարարութիւնը: Քննչական կոմիտէն ու միւս գերատեսչութիւնները կը փորձեն պարզել ստեղծուած իրավիճակի պատճառը՝ յարուցուած քրէական գործերու շրջածիրէն ներս. մեղադրեալներու թիւը հասած է 18-ի, արդէն 1000-էն աւելի մարդ հարցաքննուած է, նաեւ նախկին պաշտօնեաներ: Քննչական Կոմիտէէն ներս այս գործի ծաւալներն աննախադէպ կ’որակեն, աւելի քան 23 միլիառ դրամի վնաս պատճառուած է պետութեան՝ նախնական տուեալներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment