Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակի Հետ Կապուած Զոհրապ Մնացականեանը Խորհրդակցութիւն Հրաւիրած Է

Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակի Հետ Կապուած Զոհրապ Մնացականեանը Խորհրդակցութիւն Հրաւիրած Է

by MassisPost

Մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանին մէջ ծաւալող իրադարձութիւններու կապակցութեամբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը խորհրդակցութիւն հրաւիրած է, որուն մասնակցած են նաեւ տարածաշրջանին մէջ հաւատարմագրուած ՀՀ դեսպանները:

Այս մասին յայտնած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեանը:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի հրամանով ամերիկեան օդուժն անցեալ գիշեր Պաղտատի մէջ սպանած է Իրանի ամենաազդեցիկ ու հեղինակաւոր զինուորականներէն մէկուն՝ յատուկ ստորաբաժանման հրամանատար, զօրավար Քասէմ Սուլեյմանին: Հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամէնին յայտարարած է՝ դաժան հակահարուածը պիտի չուշանայ, դիմակայութիւնը պիտի շարունակուի կրկնապատկուած ուժով:

Սուլեյմանին աւելի քան 20 տարի կը գլխաւորէր Յեղափոխութեան պահապաններու փաղանգին մաս կազմող յատուկ ստորաբաժանումը՝ «Ալ Քուտսը», որ գաղտնի գործողութիւններ կ’իրականացնէ Իրանի սահմաններէն դուրս եւ կ’ենթարկուի անմիջապէս գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Խամենիին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment