Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Համբիկ Սասունեանի Պայմանական Ազատ Արձակման Դիմումը Ընդունուած Է, Որոշումը Պէտք Է Հաստատուի Քալիֆորնիոյ Նահանգապետի Կողմէ

Համբիկ Սասունեանի Պայմանական Ազատ Արձակման Դիմումը Ընդունուած Է, Որոշումը Պէտք Է Հաստատուի Քալիֆորնիոյ Նահանգապետի Կողմէ

by MassisPost

Քալիֆորնիոյ քրէակատարողական վարչութեան պայմանական ազատ արձակման հարցերով խորհուրդը լիբանանահայ Համբիկ Սասունեանին պայմանական ազատ արձակելու հնարաւորութիւն ընձեռած է:

«Արմէնբրես»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ Խորհուրդի պաշտօնական կայքը:

Քալիֆորնիոյ քրէակատարողական վարչութեան պայմանական ազատ արձակման հարցերով խորհուրդի Դեկտեմբեր 29-ի որոշումը պէտք է հաստատուի Քալիֆորնիոյ նահանգապետի կողմէ եւ ենթակայ է նաեւ բողոքարկման:

Համբիկ Սասունեանը ցմահ ազատազրկման դատապարտուած էր 1982թ. Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսի սպանութեան համար: Հիւպատոս Քեմալ Արըքանը սպանուած էր Լոս Անճելըսի մէջ իր մեքենայի մէջ կարմիր լոյսի տակ կանգնած ժամանակ: Անոր վրայ կրակած երկու անձերէն մէկը Սասունեանն էր: Սպանութենէն ետք «Հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ» խումբը զանգած էր տեղի լրատուամիջոցներուն ու ստանձնած սպանութեան պատասխանատուութիւնը:

Սպանութեան հետաքննութեան ժամանակ դատախազները նշած էին, թէ Սասունեանը սպանութիւնն իրականացուցած է՝ ի նշան վրէժի օսմանեան թուրքերու կողմէ հայերու նկատմամբ գործուած ցեղասպանութեան: 1984թ. դատարանը վճռած էր անոր դատապարտել ցմահ ազատազրկման՝ առանց պայմանական ազատ արձակման իրաւունքի՝ ընդգծելով, որ սպանութիւնն իրականացուած է Արըքանի ազգային պատկանելութեան պատճառով:

Սասունեանն ի սկզբանէ կը մերժէր հիւպատոսը սպանելու փաստը եւ միայն սպանութենէն 20 տարի անց՝ 2002-ին ան բանտէն ազատելու հնարաւորութեան դիմաց խոստովանած է իր դերակատարութիւնը Արըքանի սպանութեան մէջ՝ նշելով, որ կը կիսէ Արըքանի ընտանիքի կորուստի ցաւը:

Յանցանքը խոստովանելու դիմաց դատախազները համաձայնած են անոր մեղադրականէն հանել «սպանութիւն ազգային հողի վրայ իրականացնելու» դրոյթը, որ անոր պայմանական ազատ արձակուելու հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէր:

Պայմանական ազատ արձակման հարցով դատական լսումները տեղի ունեցած են 2006-ին, ապա 2010-ին, սակայն երկու պարագային ալ մերժուած են: 2016-ի ներման դիմումները քննող յանձնախումբն ի վերջոյ առաջարկած է քննարկել անոր ազատ արձակման հարցը՝ ընդգծելով, որ Համբիկ Սասունեանը մանուկ հասակին  ցնցումի ենթարկուած է Լիբանանի պատերազմի հետեւանքով, ընդունած է իր յանցանքը, խղճի խայթ զգացած է ու բանտին մէջ մասնակցած է տարբեր դասընթացներու: Սակայն այս անգամ անոր ազատ արձակելու հարցի վերաբերեալ 2017 -ին վեթօ կիրառած է Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաունը:

Ուշագրաւ է, որ Պրաունի միջամտութիւնը յաջորդած էր ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հանդիպման:

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն արդէն դատապարտած է Քալիֆորնիոյ քրէակատարողական վարչութեան պայմանական ազատ արձակման հարցերով խորհուրդի որոշումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment