Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Ընտրութիւններու Պահանջը՝ Կանխահաս

Նոր Ընտրութիւններու Պահանջը՝ Կանխահաս

by MassisPost

Հայաստանի նախկին Հանրապետական Կուսակցութիւնը եւ իրեն յարող շրջանակները այն խաբկանքը ունէին, որ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը, ուր որ է շուտով պիտի տապալի՝ չկարողանալով լուծել երկրի դիմագրաւած բազմաթիւ հարցերը: Այս կապակցութեամբ անոնք կը խօսէին ամիսներու մասին, երբ ժողովուրդ անդրադառնալով «խաբուած» ըլլալուն, փողոց պիտի իջնէր ու պահանջէր կառավարութեան հրաժարականը, ու իրենք ալ վերադառնանային իրենց նախկին պաշտօններուն: Այս ուղղութեամբ տարուող քարոզչութիւնը հիմնուած էր երկու՝ անհիմն փաստարկներու վրայ: Առաջինը՝ նոր իշխանութիւնները կը պատրաստուին յանձնել Արցախը, իսկ երկրորդը՝ ոչինչ չէ փոխուած, եւ ընդհակառակը երկիրը կ՛երթայ դէպի կործանում: Այս երկու ուղղութիւններով լայնածաւալ քարոզչութիւնը, որեւէ արդիւնքի չհասնելէ ետք եւ ընդհակառակը ժողովուրդի կողմէ հակակրանքը իրենց նկատմամբ աւելի շեշտուելով, վերջերս հրապարակ նետուեցաւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու պահանջը, դարձեալ «Արցախը կորուստէ փրկելու» պատճառաբանութեամբ:

Վարչապետական համակարգերու պարագային արտակարգ ընտրութիւններու անհրաժեշտութիւնը կը ծագի երբ կառավարութիւնը կորսնցնէ խորհրդարանէն ներս իր մեծամասնութիւնը եւ կամ երկրէն ներս յառաջանայ ընկերային բեւեռացում, ու ժողովուրդի մեծամասնութիւնը սկսի դժգոհութիւն արտայայտել երկրի ղեկավարին նկատմամբ: Ներկայիս Հայաստանի պարագային գոյութիւն չունին ե՜ւ մէկը ե՜ւ միւսը: Խորհրդարանէն ներս իշխող ուժը կը վայելէ բացարձակ մեծամասնութիւն եւ ի վիճակի է հաստատելու իր առաջարկած օրէնսդրական բոլոր որոշումները՝ առանց դժուարութեան:

Միւս կողմէ, անցեալ շաբաթ Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկը հրապարակեց իր հերթական ծաւալուն հարցախոյզը, նուիրուած Հայաստանի քաղաքական ու ընկերային հարցերուն: Ներկայացուած տուեալներուն համաձայն, քաղաքացիներու 78 տոկոսը դրական արտայայտուած է վարչապետի գործունէութեան նկատմամբ: Իսկ, այսօրուայ դրութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Իմ Քայլը» դաշինքին պատրաստ է քուէարկելու ընտրողներու 55 տոկոսը: Նոյն հարցախոյզը ցոյց կու տայ որ ՀՀԿ-ին ու ՀՅԴ-ին տրուած վստահութիւնը 3-4 տոկոսի սահմաններուն մէջ է:

Յետյեղափոխական Հայաստանը այժմ կը գտնուի կայուն զարգացման ուղիին վրայ, որուն կը գիտակցի նաեւ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը՝ ի հեճուկս նախկին իշխանութիւններու բարձրացուցած աղմուկին ու հակաքարոզչական արշաւին:

Միջազգային կառոյցներուն մօտ եւս կայ վստահութիւն կառավարութեան վարած տնտեսական ու ընկերային քաղաքականութեան նկատմամբ: Իսկ, Արցախի հարցի շահագործումը սկսած է այլեւս դառնալ ծիծաղելի ու նպաստել միմիայն թշնամի կողմի նպատակներուն:

Ներկայիս խորհրդարանական ընտրութիւնները կանխահաս են առաջին հերթին մեկնելով երկրի ընդհանուր շահերէն ու նաեւ ձեռնտու չեն նախկին իշխանութիւններուն համար, որոնք կարիք ունին տակաւին երկար ժամանակի, մեղմելու համար ժողովուրդի մօտ իրենց նկատմամբ գոյութիւն ունեցող անվստահութիւնն ու հակակրանքը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment