Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Անծանօթ Անձիք Ներխուժած Են «Ժողովուրդ»- Թերթի Խմբագրատուն

Անծանօթ Անձիք Ներխուժած Են «Ժողովուրդ»- Թերթի Խմբագրատուն

by MassisPost

«Ժողովուրդ» օրաթերթի խմբագրութիւն ներխուժման դէպքի վերաբերեալ քրէական գործ յարուցուած է՝ լրագրողի մասնագիտական օրինական գործունէութիւնը խոչընդոտելու, ինչպէս նաեւ գողութեան յանցափորձի յօդուածներով։ Այս մասին «Ազատութեան» փոխանցած են ոստիկանութենէն։

«Ժողովուրդ» օրաթերթի հիմնադիր, այժմ իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեանը կը կարծէ՝ գիշերով թերթի խմբագրութեան ներխուժումը ոչ թէ գողութեան դէպք եղած է, այլ ուզած են տեղեկութիւն գտնել։

Թովմասեանը ըսած է՝ հաւանաբար գրասենեակ մտած են կա՛մ պատուհանէն, կա՛մ պատշգամբէն։ Ներխուժողները ստուգած են խմբագրութեան դարակները, խառնաշփոթ ստեղծած, սակայն առաջին հայեացքով, նախնական տուեալներով որեւէ բան չեն տարած։ Տեսախցիկներ եղած են, սակայն անոնք անհետացած են։

«Խօսեցի ոստիկանի հետ, պարզուեց, որ ձեռնոցով են աշխատել, սա արդէն բացայայտում էր։ Այսինքն՝ էնպէս են արել, որ հնարաւոր մատնահետքերը վերանան ու չգիտեմ ինչ են գտել, որովհետեւ մենք հիմա չենք կարողանում, այսինքն՝ խմբագրութեան ոչ մի աշխատակից չի կարողանում ստուգի իր իրերը տեղում են, թէ տեղում չեն։ Արտաքուստ, այսինքն՝ այն իրերը, որոնք որ արժէք են պարունակում՝ հեռուստացոյց, տեսախցիկներ թանկարժէք, այսպիսի բաներ կան խմբագրութիւնում, որոնք չեն տարել։ Եթէ գողութիւն լինէր, բնականաբար, պիտի էս իրերը տանէին։ Ես կարծում եմ, որ տեղեկութիւն են փնտռել, բայց փնտռելու ճանապարհը էնպիսի ճանապարհ է ընտրուած, որ իր մէջ աւելի շատ պարունակում է զգուշացում, որ «զգուշացէք, ուշադիր եղէք, տեսէք, որ երբ ուզենք մենք կարող ենք մտնել խմբագրութիւն եւ ցանկացած տեղեկութիւն կարող ենք վերցնել»։ Ես սա աւելի շատ համարում եմ զգուշացում եւ մարտահրաւէր իրաւապահ համակարգին, որպէսզի օր առաջ եւ վայրկեան առաջ սա բացայայտուի, սա շատ լուրջ խնդիր է խօսքի ազատութեանը վնասող, որովհետեւ ստացւում է այնպէս, որ լրագրողը ինչ-որ պիտի գրի, յետոյ գրելուց յետոյ նստի սպասի՝ երբ են հիւրընկալուելու ու ինչ-որ փաստաթուղթ տանեն, ինչ-որ նիւթ տանեն, ինչ-որ ֆլեշքա փնտռեն և այլ այսպիսի դատապարտելի երեւոյթ», – ըսած է Թովմասեանը։

Թագուհի Թովմասեանը աւելցուցած է՝ «Ժողովուրդ» օրաթերթը մինչ այդ չհրապարակուած տեղեկութիւններ կը տպագրէ, կը բացայայտէ այնպիսի նիւթեր, որոնք հասանելի չեն, ինչը շատերուն կը նեղացնէ։

«Վերջին հրապարակումը եղել է Գագիկ Խաչատրեանի գործի մանրամասները, թէ ինչ նամակ է քննւում, ինչ քրէական գործ է։ Այսինքն՝ բոլոր մանրամասները գրուած են, որոնք ամիսներ շարունակ որեւէ մէկին հասանելի չէր։ Հիմա ես չեմ կարող որեւէ գործի հետ կապել, բայց որ սա ակնյայտ զգուշացում է լրագրողներին սթափուելու, ես կարծում եմ, միանշանակ է, երկրորդ կարծիք լինել չի կարող», – նշած է «Ժողովուրդ» օրաթերթի հիմնադիրը։

Սա լրագրողի մասնագիտական գործունէութիւնը խոչընդոտելու, վախցնելու, լրատուամիջոցին ճնշելու դէպք է, ըսած է «Ժողովուրդ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Քնար Մանուկեանը։ Նշուած է, որ «ժողովուրդ»-ի հրապարակումներու վերաբերեալ նախաքննական մարմինները յաճախ խմբագրութիւն դիմում կ’ուղարկեն, խնդրելով՝ բացայայտել աղբիւրը։ Ի դէպ, խմբագրութեան գլխաւոր խմբագիրը վերջերս Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ յարցաքննուած է Մարտ 1-ի գործով որոշ ցուցմունքներու հրապարակումներու պատճառով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment