Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանի Աջակցութեան Աստիճանն Աննախադէպ Է. Ամերիկեան Փորձագէտ

Նիկոլ Փաշինեանի Աջակցութեան Աստիճանն Աննախադէպ Է. Ամերիկեան Փորձագէտ

by MassisPost

Հակառակ որ «Թաւշեայ յեղափոխութեան մեղրամիսն» աւարտած է եւ Հայաստանի կառավարութիւնը լծուած է առօրեայ աշխատանքի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աջակցութեան աստիճանը հայ հասարակութեան մօտ աննախադէպ կը մնայ: Այս մասին «Ամերիկայի Ձայն »-ին պատմած է ԱՄՆ-ի Հանրապետական միջազգային հիմնարկի Եւրասիայի տարածքի պատասխանատու Սթիվըն Նիքսը: Հանրապետական միջազգային հիմնարկի կողմէ Հայաստանի հանրային կարծիքի հետազօտութեան համաձայն, Փաշինեանի աջակցութեան աստիճանը Հայաստանի մէջ 76 տոկոս կը կազմէ. «Նախկին խորհրդային տարածքին մէջ ոեւէ ղեկավար, ոեւէ առաջնորդ ամէն ինչ կ’ընէր նման բարձր վարկանիշի համար»:

Նիքսի խօսքով, վարչապետի եւ կառավարութեան բարձր աջակցութիւնը Հայաստանի քաղաքացիներու շրջանակէն ներս վարչակազմի գործունէութեան աջակցութեան կարեւորագոյն ցուցանիշն է. «Մեր հարցման առաւել կարեւոր բացայայտումներէն մէկը լաւատեսութիւնն է, որ կը տիրէ հայ հասարակութեան մօտ: Հայաստանցիներու 70 տոկոսը լաւատես են իրենց երկրի ապագայի նկատմամբ: Մենք հարցումներ կու տանք յետխորհրդային գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ եւ պէտք է ըսեմ, որ հայերու լաւատեսութեան մակարդակը բոլորէն բարձր է: Այս փաստը ինքնին ցնցող է»:

Միեւնոյն ժամանակ, քաղաքացիները կը գիտակցին, որ Հայաստանի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծումը՝ քորուփցիայի դէմ պայքար, դատաիրաւական եւ տնտեսական իրական բարեփոխումներ, ժամանակ կը պահանջէ, նշած է Սթիվըն Նիքսը. «Ըստ մեր ստացած արդիւնքներու, ժողովուրդը պատրաստ է այս կառավարութեան տալու ժամանակ այս խնդիրները կարգաւորելու համար»:

Հանրապետական միջազգային հիմնարկի ներկայացուցիչի կարծիքով, այն փաստը, որ նախկին իշխանութիւնը ներկայացնող քաղաքական ուժերու աջակցութիւնը ցած մակարդակի վրայ կը մնայ, կը վկայէ մէկ բանի մասին՝ գործող իշխանութիւնները յաջողած են լիարժէք կապ պահպանել հասարակութեան հետ.

«Գործող կառավարութիւնը շատ արդիւնաւէտ կը հաղորդէ իր ըսելիքը եւ ծրագիրները քաղաքացիներուն, ինչի մասին կը վկայեն տուեալները: Իսկ ահա նախկին իշխանութիւններու ուղերձը արձագանգ չի գտներ քաղաքացիներու մօտ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment