Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախագահ Սարգսեանը Հանդիպած է ԼՀԿ Խմբակցութեան Անդամներու եւ Արման Պապաճանեաի Հետ

Նախագահ Սարգսեանը Հանդիպած է ԼՀԿ Խմբակցութեան Անդամներու եւ Արման Պապաճանեաի Հետ

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը հանդիպում ունեցած է Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի, խմբակցութեան անդամներ Մանէ Թանդիլեանի եւ Տարօն Սիմոնեանի հետ:

Նախագահի աշխատակազմի հաղորդմամբ՝ հանդիպման ներկայացուած են տարուայ ընթացքին «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան կողմէ իրականացուած աշխատանքները, օրէնսդրական գործունէութիւնը, միտքեր փոխանակուած են քաղաքական, տնտեսական, միջազգային յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու շուրջ:

Նախագահ Սարգսեանը տեղեկութիւններ ներկայացուցած է նախագահական տարբեր նախաձեռնութիւններու մասին:

sarkissian-babajanyan

Արմէն Սարգսեանը ընդունած է նաեւ Ազգային ժողովի անկախ պատգամաւոր, Լուսաւոր Հայաստան  խմբակցութեան նախկին անդամ Արման Պապաճանեանը:

Պատգամաւորը տեղեկութիւններ ներկայացուցած է տարուան ընթացքին իր խորհրդարանական գործունէութեան մասին, որպէս ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի անդամ՝ անդրադարձած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment