Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Պիւտճէի 3 Միլիառ Տոլարէն 1 Միլիառը Անցեալին Գողցուած Է. Ռուսական «Եւրասիա Ռիթմ» Կայք

Հայաստանի Պիւտճէի 3 Միլիառ Տոլարէն 1 Միլիառը Անցեալին Գողցուած Է. Ռուսական «Եւրասիա Ռիթմ» Կայք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ տնտեսութեան զգալի հատուած դուրս եկած է ստուերէն, քորուփցիայի դէմ պայքարին մէջ կը տարուին նշանակալի աշխատանքներ: Նման գնահատական տուած է   «Եւրասիոյ  ռիթմ»ը  կայքը իր՝ «Ինչով պայմանաւորուած է Հայաստանի Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) աճի բարձր ընթացքը» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ՝ անդրադառնալով Հայաստանի մաքրօ-տնտեսական իրավիճակին:

Յօդուածագիրը նախ կը յիշեցնէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Դեկտեմբեր 5-ի յայտարարութիւնը, որուն համաձայն՝ ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, երկրի ՀՆԱ-ի աճը տարուան առաջին երեք եռամսեակներուն համար կազմած է 7,5 տոկոս: «Խօսքը ամենաբարձր ցուցանիշի մասին է՝ ոչ միայն Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներու շարքին է: Ըստ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի կանխատեսման, Հայաստանը պիտի ըլլայ Եւրոպա մայրցամաքի միակ երկիրը, որուն ՀՆԱ-ի աճը եկող տարի պիտի գերազանցէ 6 տոկոսը»,-նշուած է յօդուածին մէջ:

Հեղինակը առաջ քաշած է հարց, թէ ինչով պայմանաւորուած է նման լաւատեսութիւնն ու  յիշեցուցած է, որ միջազգային ելեւմտական կառոյցներու տուեալներու համաձայն՝ Հայաստանի պիւտճէի 3 միլիառ տոլարէն 1 միլիառը անցեալին գողցուած է, իսկ մօտ 900 միլիոնը որպէս հարկ պիւտճէ չէ հասած: «Անցեալ տարուայ գարնան անուանափոխութիւնէն ետք տնտեսութեան մէջ «ստուերային ոլորտը» իջեցնելու միտում կար, եւ այժմ, ըստ ՀՀ ելեւմտական մարմիններու եւ փորձագէտներու գնահատականներու, ստուերային տնտեսութիւնը չի գերազանցեր 22 տոկոսը: Առաջընթացը նշանակալի է, բայց կ’ենթադրուի, որ այդ ցուցանիշը կրնայ իջնել 15-16 տոկոս եւ նոյնիսկ աւելի ցած»,-նշուած է հրապարակման մէջ:

Յօդուածագիրը նկատած է՝ տնտեսութեան մէկ հատուածի՝ ստուերէն դուրս գալը անմիջապէս մեծցուցած է դէպի պետական գանձարան միջոցներու ներհոսքը: Որպէս արդիւնք, պիւտճէի շահոյթը 2019-ի առաջին կիսամեակին կազմած է 255.4 միլիոն տոլար, ինչը նպաստած է պարտք-ՀՆԱ յարաբերակցութեան նուազեցման: Հեղինակը նկատած է՝ մասամբ սա նաեւ արդիւնք է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ որեւէ գնման պարագային ՀԴՄ կտրօն պահանջելու կոչին, սակայն շեշտած է՝ դեռ շատ աշխատանք կայ կատարելու, քանի որ ստուերային տնտեսութեան ամենամեծ մասնաբաժինը դեռ առեւտուրի, գիւղատնտեսութեան, ուղեւորափոխադրումներու եւ այլ ոլորտներու մէջ է:

Յօդուածին մէջ նշուած է նաեւ, որ 2020 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծով տնտեսական աճի կանխատեսումը պահպանողական է, միեւնոյն ժամանակ շեշտած են՝ յետխորհրդային երկրի համար այն բաւականին բարձր ցուցանիշ է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment