Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սահմանադրական Դատարանի Դատաւորներու Վաղ Կենսաթոշակներու Օրինագիծն Ընդունուած Է Ամբողջութեամբ

Սահմանադրական Դատարանի Դատաւորներու Վաղ Կենսաթոշակներու Օրինագիծն Ընդունուած Է Ամբողջութեամբ

by MassisPost

Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կը յորդորէ Սահմանադրական դատարանի դատաւորները փողի դիմաց չվաճառել իրենց մասնագիտական բարոյականութիւնը եւ չմտնել անպատւութեան տակ։ Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունած է Սահմանադրական դատարանի դատաւորներու վաղ կենսաթոշակային համակարգի ներդրման օրինագիծը:

Եթէ օրէնքն ուժի մէջ մտնելէ ետք երկամսեայ ժամկէտի ընթացքին 7 դատաւորները, այդ շարքին՝ ՍԴ նախագահ Հրայր Թովմասեանը, հրաժարական տան, ապա մինչեւ իրենց պաշտօնավարման ժամկէտի լրանալը կը ստանան իրենց աշխատավարձի չափով կենսաթոշակ։ Այս բանի համար հարկատուները պիտի վճարեն աւելի քան 600 միլիոն դրամ։

Օրէնքին դէմ քուէարկած «Բարգաւաճ Հայաստան» (ԲՀԿ) խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Պետրոսեանը յորդորած է դատաւորները՝ չհամաձայնիլ իշխանութիւններու առաջարկին, որու նպատակը, ըստ անոր, ամէն գնով Սահմանադրական դատարանի դատաւորներէն ազատիլն է:

«Մենք վստահ ենք, որ Սահմանադրական դատարանի այս կազմը ձեռնտու չէ գործող իշխանութեանը, որովհետեւ այս կազմի պայմաններում հնարաւոր չէ ի կատար ածել այնպիսի ցանկութիւններ, ինչպիսին, օրինակ, Իսթանպուլեան համաձայնագրի վաւերացումն է եւ այդպիսի շատ հարցեր, դրա համար իրենք ուզում են Սահմանադրական դատարանը համալրել խոնարհ, հեզ դատաւորներով, որպէսզի կարողանան կեանքի կոչել նման նախաձեռնութիւնները: Սա է ճշմարտութիւնը: Ես խորհուրդ եմ տալիս, որ դատաւորները չմտնեն էդ անպատւութեան տակ», – յայտարարած է Պետրոսեանը:

Իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութենէն Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանը, մինչդեռ, որեւէ անպարկեշտ բան իրենց առաջարկին մէջ չի տեսներ, ընդհակառակը՝ կը կարծէ, որ իրենք այս օրէնքով պարզապէս ձեռք կը մեկնեն Սահմանադրական դատարանի դատաւորներուն։

Ի՞նչ կ’ըլլայ, եթէ այդ մեկնած ձեռքը որեւէ դատաւոր չսեղմէ եւ վաղաժամ թոշակի չերթայ, «Ազատութիւն»-ը հարցուցած է Ալեն Սիմոնեանին։ «Ինչ է լինո՞ւմ՝ որեւիցէ բան չի լինում, որեւիցէ աղէտալի բան չի լինում, գնում ենք առաջ, մեկնում ենք միւս ձեռքը <…>: Մի հատ հասկանանք՝ էստեղ ինչ է լինում, տեսնենք ինչ է լինում, ինչ շարունակութիւն է լինում, նոր կը գնանք առաջ: Կարեւորը այն է, որ մենք Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներին աւելորդ անգամ ցնցումների չենթարկենք, աւելորդ անգամ ինչ-որ ձեւով որեւիցէ բան սխալ չանենք», – հարցին արձագանգած է խորհրդարանի փոխխօսնակը:

Ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» (ԼՀԿ) խմբակցութենէն Տարօն Սիմոնեանը, մինչդեռ, հակադարձած է Ալեն Սիմոնեանին՝ եթէ իշխանութիւնը կ’ուզէ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներուն ձեռք մեկնել, ապա թող այն չընէ ժողովուրդի հաշւոյն:

Տարօն Սիմոնեանը դատաւորներուն առաջարկուած գործարքին մէջ բարոյական խնդիրներ կը տեսնէ, յոյս յայտնելով, որ որեւէ դատաւոր իշխանութեան մեկնած այդ ձեռքը չի սեղմեր եւ փողի դիմաց չի վաճառեր իր մասնագիտական բարոյականութիւնը:

Հարցին, թէ այդ պարագային ի՞նչ լուծում կը տեսնէ, եթէ դէմ են դատաւորները վաղաժամ թոշակի ուղարկելուն, «Լուսաւոր Հայաստան»-ի պատգամաւորը պատասխանած է, որ ճանապարհը սահմանադրական փոփոխութիւններն են, որոնք իրապէս կ’արտայայտեն ժողովուրդի կամքը եւ որոնց միջոցով կը փոփոխուին թէ՛ Սահմանադրական դատարանը եւ թէ՛ ողջ դատական համակարգը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment