Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յեղափոխութեան Մեծագոյն Ձախողումը՝ Դատական Համակարգի Տխուր Վիճակը

Յեղափոխութեան Մեծագոյն Ձախողումը՝ Դատական Համակարգի Տխուր Վիճակը

by MassisPost

Այս օրերուն Հայաստանի Ազգային Ժողովը դարձեալ կը փորձէ լուծում տալ Սահմանադրական Դատարանի շուրջ ամիսներէ ի վեր շարունակուող տագնապին: Օրակարգի վրայ է արդարադատութեան նախարարի ներկայացուցած օրինագիծը, որուն համաձայն Դատարանի անդամներուն առիթ պիտի տրուի, որպէսզի կամաւոր ներկայացնեն իրենց հրաժարականը, սակայն շարունակեն ստանալ իրենց աշխատավարձերը՝ մինչեւ պաշտօնավարման աւարտը:

Արտախորհրդարանական եւ խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը դէմ կ՛արտայայտուին առաջարկուող նոր օրինագծին, իւրաքանչիւրը իր անկիւնէն մօտենալով հարցին: Նախորդ իշխանութիւններուն յարող քաղաքական գործիչները եղածը կը նկատեն ոտնձգութիւն Դատարանի անկախութեան նկատմամբ եւ պետութեան կողմը ձգտում՝ դատաւորները իրենց հսկողութեան տակ առնելու նպատակով: Խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւնները՝ «Բարգաւաճ Հայաստանը» եւ «Լուսաւոր Հայաստանը», իրենք եւս դէմ կ՛արտայայտուին օրինագծին, հարցին մօտենալով այլ անկիւնէ: Անոնց առարկութիւնը կեդրոնացած է այն հարցին վրայ, որ Սահմանադրական Դատարանի դատաւորները երկար տարիներ, առանց աշխատելու, գումարներ պիտի ստանան հարկատուներու հաշւոյն:

Մեծամասնութիւն կազմող «Իմ Քայլը» խմբակցութիւնը կը պաշտպանէ այն տեսակէտը թէ, ներկայիս գործող Սահմանադրական Դատարանի 9 անդամներէն 7-ն նշանակուած են նախորդ իշխանութիւններուն կողմէ եւ հանրային կարծիքի մօտ չկայ վստահութիւն անոնց նկատմամբ ու դատական համակարգը նոր Հայաստանի տեսլականին համապատասխան ընթանալու համար, անհրաժեշտ է սկսիլ վերէն՝ Սահմանադրական Դատարանէն:

Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը պիտի կարողանայ պարտադրել իր կամքը ու օրինագիծը հաստատուի յառաջիկայ օրերուն: Սակայն, հարցը այսքանով չ՛աւարտիր: Դատարանի անդամները կրնան չ՛օգտագործել իրենց ընծայուած առիթը ու մերժեն դուրս գալ «բացուած պատուհանէն»: Այդ պարագային, յստակ չէ թէ իշխանութիւնները իրենց զինանոցին մէջ ինչպիսի այլ լուծումներ ունին:

Հայաստանի յեղափոխական իշխանութիւնները դժուարութիւն չունեցան իրենց հսկողութեան տակ առնելու գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնը ու յենուելով ժողովուրդի վստահութեան վրայ կարողացան շատ արագ իրագործել իրենց ծրագիրները եւ բարեփոխումները՝ երկիրը դանդաղ, սակայն հաստատ քայլերով տանելով դէպի յառաջ: Ինչ կը վերաբերի դատական իշխանութեան, պատկերը լրիւ տարբեր է ու այդ համակարգէն ներս նոր որակ մտցնելու հարցը դարձած է դժուար իրագործելի: Դատաւորներու բարի վարքի ստուգման (Vetting) ծրագիրը կը մնայ առկախ: Նոյնպէս, տեղաշարժի մէջ է անցումային դատարանի առաջարկութիւնը:

Դատարաններու նկատմամբ վստահութեան բացակայութիւնը եղած է ու կը շարունակէ մնալ Հայաստանի ամենէն խոցելի կողմերէն մէկը, որ նաեւ իր բացասական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ տնտեսութեան զարգացման եւ ներդրումային միջավայրի բարելաւման վրայ: Շատ յաճախ դատարանները կը յայտնուին կաթուածահար վիճակի մէջ: Լաւագոյն օրինակներէն մէկը Ռոբերդ Քոչարեանի դատավարութիւնն է: Նախագահի աթոռը զբաղեցուցած ամբաստանեալի փաստաբանական խումբը, օգտագործելով տարբեր հնարքներ, ամիսներէ ի վեր կը յաջողի ձգձգել տալ բուն դատավարութեան սկսիլը եւ վկաներու հարցաքննութիւնը:

Դատական համակարգի ներկայի վիճակը կարելի է նկատել յեղափոխական Հայաստանի մեծագոյն ձախողումը, որուն համար պատասխանատու են իշխանութիւնները՝ չկարողանալով դիմել աւելի արագ եւ վճռական քայլերու:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment