Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը Պրաթիսլաւայի մէջ ելոյթ ունեցաւ ԵԱՀԿ նախարարական խորհրդաժողովին՝ ներկայացնելով Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշումը եւ անդրադառնալով նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած փաստաթուղթին:
\Իր ելոյթին մէջ Մնացականեանը նախ ըսած է, որ ղարաբաղեան խնդիրը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով եւ արդէն գործող ձեւաչափով՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդութեամբ:
Նախարարը շեշտած է, որ Արցախի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը պէտք չէ սահմանափակուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան իրաւունքով:
Զոհրապ Մնացականեանը նշած է նաեւ, որ Արցախի բնակչութեան ֆիզիքական գոյութիւնը երկու անգամ առնուազն վտանգուած եղած է, առաջին անգամ՝ 1990-ականներուն, երկրորդ անգամ՝ 2016 թուականի ապրիլին:
Նախարարը շեշտած է՝ անհրաժեշտ է, որ Արցախը նոյնպէս ներգրաւուած ըլլայ բանակցային գործընթացին:
Նշենք, որ ԵԱՀԿ-ի 26-րդ Նախարարական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, Պրաթիսլավայի մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էլմար Մամետեարովի եւ Զօհրապ Մնացականեանի հանդիպումը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հրադադարի ամրապնդման, յաջորդ տարուան սկիզբը համատեղ աշխատանքը շարունակելու ծրագիրները:
ՀՀ ԱԳ նախարարը ընդգծած է ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստելու պայմանաւորուածութիւններու ծիրէն ներս արձանագրուած համեստ արդիւնքը` Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի լրագրողներու փոխանակման ծրագրի իրականացման միջոցով: Դիտարկուած է այդ պարունակին մէջ լրագրողներու, հասարակութիւններու միջեւ նմանօրինակ ուղիղ շփումի շարունակման հնարաւորութիւնը: Միաժամանակ ընդգծուած են վստահութեան ամրապնդման այլ միջոցառումներու ներդրման կարեւորութիւնը:
Անդրադառնալով նախօրէին Արցախի ԱԳ նախարարին հետ Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին` նախարար Մնացականեան եւս մէկ անգամ ընդգծած է Արցախի իշխանութիւններու ուղիղ ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս կարգաւորման բովանդակային հարցերու շուրջ: