Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանին Մեղադրանք Առաջադրուած Է Խոշոր Չափերով Գումար Յափշտակութեան Համար

Սերժ Սարգսեանին Մեղադրանք Առաջադրուած Է Խոշոր Չափերով Գումար Յափշտակութեան Համար

by MassisPost

ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ քննուող քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեան հիման վրայ ՀՀ նախկին նախագահ  Սերժ Սարգսեանին մեղադրանք առաջադրուած է  հանրօրէն վտանգաւոր այն արարքի կատարման համար, որ ան, 2008 թուականի Ապրիլ 9-էն մինչեւ 2018 թուականի Ապրիլ 9-ը զբաղեցնելով ՀՀ նախագահի պաշտօնը, իր պաշտօնէական դիրքը օգտագործելով, 2013 թուականի Յունուար 25-էն մինչեւ նոյն թուականի Փետրուար 7-ն ինկած ժամանակահատուածին կազմակերպած է պաշտօնատար խումբ մը անձանց կողմէ պետութենէն վատնելու եղանակով առանձնապէս խոշոր չափերով գումարի՝ 489.160.310 ՀՀ դրամի յափշտակութեան կատարումը:

«Սերժ Սարգսեանը, տեղեակ լինելով ծրագրի շրջանակներում աւելի էժան գնով  վառելիքի մատակարարի առկայութեան մասին, գիտակցել է, որ այլ մատակարարների առաջարկած՝ պետութեան համար շահաւէտ գների առկայութեան պայմաններում դրանց համեմատ աւելի բարձր գին առաջարկած «Ֆլեշ» ՍՊ ընկերութեան հետ վառելանիւթի մատակարարման ֆինանսաւորման պայմանագիր կնքելու արդիւնքում պետութիւնից անհիմն ելքագրուելու են առանձնապէս խոշոր չափերով գումարներ: Անտեսելով այդ հանգամանքը՝ նա «Ֆլեշ» ՍՊ ընկերութեան համար գործարքից առաւելագոյն շահոյթ ապահովելու անձնական շահագրգռուածութիւնից ելնելով, օգտագործելով իր պաշտօնէական դիրքը, իր ենթակայութեան ներքոյ գտնուող մի խումբ պաշտօնատար անձանց միջոցով կազմակերպել է ՀՀ կառավարութեանը վստահուած, պահուստային ֆոնտում գտնուող առանձնապէս խոշոր չափերով գումարի` վատնելու եղանակով յափշտակութեան կատարումը, մասնաւորապէս` յանձնարարել է իրենից փաստացի ծառայողական կախուածութեան մէջ գտնուող պաշտօնատար անձանց՝ անկախ ստացուած էժան գնային առաջարկներից, որպէս մատակարար ընտրել «Ֆլեշ» ՍՊ ընկերութեանը եւ մատակարարման պայմանագիրը կնքել այդ ընկերութեան հետ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Այսպիսով, վերը նշուած ծրագրի իրականացման ընթացքին ՀՀ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի կազմակերպմամբ` պաշտօնատար խումբ մը անձանց կողմէ պետութենէն վատնելու եղանակով յափշտակուած է ընդհանուր առմամբ 489.160.310 ՀՀ դրամ:

Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը:

Aysor.am-ը, յղում ընելով իրաւապահ համակարգի իր աղբիւրին՝  նշած է, որ ՅՔԾ-ի մօտ Սերգօ Կարապետեանի առջեւ պայման դրած են՝ կա՛մ պէտք է ցուցմունք  տայ Սերժ Սարգսեանի դէմ, կա՛մ զինք կը կալանաւորեն: Ըստ նոյն աղբիւրի՝  Սերգօ Կարապետեանը Սերժ Սարգսեանի դէմ ցուցմունք տուած է եւ իրաւապահներէն իրեն չկալանաւորելու երաշխիքներ ստացած է:

Յիշեցնենք, որ «Հետք» պարբերականը 2019-ի Յունիս 10-ին գրած էր, որ գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Սերգօ Կարապետեանին Յատուկ քննչական ծառայութենէն ներս քննուող քրէական գործի շրջածիրէն ներս մեղադրանք առաջադրուած է:

Համաձայն կայքի՝ ՅՔԾ աղբիւրի, քրէական գործը կը վերաբերի պետական ֆինանսաւորման ծրագրով գիւղացիներուն մատչելի գիներով տրամադրուած պարարտանիւթերու գործընթացին: Պետութեան պատճառուած վնասը կը գնահատուի մօտ 1 միլիառ դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment