Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Քաղաքապետը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Գործիչը Ընդունած Է Աշխատանքի

Պոլսոյ Քաղաքապետը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Գործիչը Ընդունած Է Աշխատանքի

by MassisPost

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող «Ժողովրդահանրապետական» (CHP-ԺՀԿ) կուսակցութեան անդամ, Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի նոր նշանակումը աղմուկ բարձրացուցած է իշխանամէտ մամուլին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը:

Իմամօղլուն քաղաքապետարանին մէջ խորհրդական նշանակած է տարբեր հարցերու շուրջ իշխանութեան հանդէպ սուր քննադութիւններով յայտնի, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Զեյնեպ Թանպայը: Իշխանամէտ կամ աջ ուղղուածութիւն ունեցող շարք մը լրատուամիջոցներ «գայթակղային» որակած են այս նշանակումը ու ներկայացուցած անցեալին տարբեր հարցերու շուրջ իշխանութիւններուն ուղղուած Թանպայի սուր քննադատութիւններէն մի քանին:

Մասնաւորապէս Էրտողանի խօսափող համարուող «Sabah» թերթի կայքը յիշեցուցած է, որ Թանպայը 2016-ին միացած է Պոլսոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառումներուն ու մէջբերած այդ առիթով ընկերային ցանցերուն մէջ անոր ըրած գրառումը.

«Պետութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ, փոխհատուցում տրամադրէ, ետ վերադարձնէ հայերուն պատկանող պետականացուած գոյքերը ու քաղաքացիութիւն տրամադրէ անոնց»:

Աղբիւրը յիշեցուցած է նաեւ, որ առիթով մը Թանպայն ըսած էր, որ ոչ ոք իրեն կրնայ ստիպել կրկնել Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի աւանդած կարգախօսը՝ «Երջանիկ է ան, որ կ’ըսէ` ես թուրք եմ»:

Թամպայը բազմիցս սուր քննադատութիւններ հնչեցուցած է նաեւ քիւրտերու նկատմամբ Թուրքիոյ իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան հասցէին:

Նշենք, որ մասնագիտութեամբ պարուհի Զեյնեպ Թամպայը յայտնի թուրք քաղաքական գործիչ, նախկին պատգամաւոր Ուֆուք Ուրասի կինն է: Ուրասը մասնակցած է Թուրքիոյ մէջ շարք մը թուրք մտաւորականներու կողմէ կազմակերպուած «Ներեցէ՛ք մեզ» արշաւին, որու ժամանակ անոնք հայերէն ներողութիւն կը խնդրէին այն բանի համար, որ «Մեծ աղէտը, որուն 1915 թուականին ենթարկուած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերը, կը բախի անտարբերութեան եւ ժխտողականութեան»:

Հայաստան ու Արցախ այցելած Ուրասը ներառուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի «սեւ ցուցակին» մէջ, քանի որ «առանց Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն թոյլտւութիւն ստանալու մեկնած է Ղարաբաղ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment