Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայ Եւ Ատրպէյճանցի Լրագրողները Փոխադարձ Այցեր Կատարած Են

Հայ Եւ Ատրպէյճանցի Լրագրողները Փոխադարձ Այցեր Կատարած Են

by MassisPost

Նոյեմբեր 17-21-ը տեղի ունեցած է հայ եւ ատրպէյճանցի լրագրողներու խումբերու փոխանակում. Հայաստանի եւ Արցախի զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներն այցելած են Ատրպէյճան, իսկ ատրպէյճանական ԶԼՄ ներկայացուցիչները՝ Հայաստան եւ Արցախ: Այս մասին կը փոխանցէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուած է՝ ծրագիրը նախապատրաստուած եւ կեանքի կոչուած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի համակարգմամբ եւ Հայաստանի, Արցախի ու Ատրպէյճանի համապատասխան գերատեսչութիւններու ներգրաւմամբ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնն այլ մանրամասներ չի փոխանցեր:

Հաղորդակցութեան ուղիները պէտք է բաց ըլլան, կարծիք յայտնած է քաղաքագէտ Ստիոբա Սաֆարեանը՝ անդրադառնալով հայ եւ ատրպէյճանցի լրագրողներու փոխադարձ այցերուն: Քաղաքագէտը նման այցերը կարեւոր եւ ճիշդ քայլ կը համարէ։

«Եթէ կողմերը շարունակում են հաղորդակցուել, ես չեմ ասում՝ բանակցել, եթէ շարունակում են հաղորդակցուել՝ երկրի ղեկավարների մակարդակով, լրատուամիջոցների, հասարակական կազմակերպութիւնների մակարդակով, սա նշանակում է՝ մտածում են առանց պատերազմի խնդրի լուծման մասին: Սա կարեւոր, փոքրիկ, բայց շատ կարեւոր գործիք է դառնում խաղաղութեան պահպանման առումով», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ընդգծած է Սաֆարեանը:

Ատրպէյճան այցելած էին «Մետիամաքս» լրատուական գործակալութեան խմբագիր Դաւիթ Ալաւերտեանը, «Շանթ» հեռուստաընկերութեան մեկնաբան Արտիոմ Երկանեանը եւ Արցախի հանրային հեռուստաընկերութեան մեկնաբան Էտկար Էլբակեանը: Անոնք իրենց այցի մանրամասները պիտի ներկայացնեն  առաջիկայ  օրերուն։

Իսկ թէ ինչ կու տան այս այցերը երկու երկիրներուն, քաղաքագէտ Ստիոպա Սաֆարեանն ընդգծած է․ – «Առնուազն գոնէ մենք՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հասարակութիւնները կը լսեն այն ձայները, որոնք շատ յաճախ չեն լսում, որովհետեւ մեր միջեւ ահռելի պատ է դրուած, եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնների առաւել եւս վարած քաղաքականութեան առումով՝ հակահայկական հիսթերիայի, Հայատյացութեան քաղաքականութեան, մեզ համար կարեւոր է հասկանալ, թէ, ի վերջոյ, ինչ են մտածում եւ ինչու են այդպէս մտածում: Կապ չունի՝ դա մեզ դուր կը գայ, թէ դուր չի գայ, վստահաբար՝ դա մեզ դուր չի գայ, եւ վստահաբար՝ նրանց հասարակութեանը դուր չի գայ այն, ինչ կը լսեն այստեղ: Բայց ամենակարեւորը, նորից եմ կրկնում, երկու կողմերում սխալ հաշուարկներից խուսափելու եւ այս փխրուն խաղաղութիւնը պահպանելու ու առաջ տանելու հարցը կայ: Հետեւաբար, այս առումով, այս այցերը առնուազն գոնէ այդ տեսակէտները կը տեղափոխեն երկու մայրաքաղաքներ եւ երկու երկրների հասարակութիւններին»:

Հայաստանցի եւ ատրպէյճանցի լրագրողներու մասնակցութեամբ նախապէս համատեղ ծրագիրներ իրականացուցած Երեւանի Մամուլի ակումբի ղեկավար Պորիս Նաւասարդեանն «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է՝ նման փոխայցերու կարեւորութեան մասին կարելի կ’ըլլայ խօսիլ միայն լրագրողներու հրապարակումներէն ետք:

«Եթէ այդ հրապարակումները կ’օգնեն ե՛ւ ատրպէյճանական, ե՛ւ հայկական հասարակութիւններին աւելի լաւ հասկանալ՝ ինչ տրամադրութիւններ, պատկերացումներ հակամարտութեան մասին կան այդ երկրում, դա արդէն որոշակի ազդեցութիւն գուցէ ունենայ յետագայ գործընթացի վրայ: Եթէ այդ փոխայցելութիւնը սահմանափակուի զուտ նրանով, որ մեր երեք գործընկերները Ատրպէյճանից ու Հայաստանից ինչ-որ եկել են, ինչ-որ բան են տեսել, ինչ-որ մարդկանց հետ են հանդիպել, եւ այդ ամէն ինչը մնալու է իրենց մէջ, ապա ես, ճիշդն ասած, այդ կարգի փոխայցելութիւնների իմաստը չէի տեսնի», – ընդգծած է Նաւասարդեանը:

Դեռ նախորդ շաբաթ ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ լրագրողներու այցերու շուրջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է երկու երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով՝ «փոխադարձ վստահութիւն ստեղծելու հարցով մարդասիրական քայլերու շրջագիծէն ներս»: Մարդասիրական միջոցառումներ իրականացնելու մասին պայմանաւորուած էին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը գարնան Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment