Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ալրաղացի Լիովիկը» Ռուսաստանի մէջ Կալանաւորուած է

«Ալրաղացի Լիովիկը» Ռուսաստանի մէջ Կալանաւորուած է

by MassisPost

Ռուսաստանի դատարանը բաւարարած է «Ալրաղացի Լիովիկ» մականունով Հանրապետականի նախկին պատգամաւոր Լեւոն Սարգսեանը 40 օրով կալանաւորելու ՌԴ դատախազութեան միջնորդութիւնը՝ այս ընթացքին Սարգսեանին Հայաստան յանձնելու հարցը քննարկելու շրջագիծէն ներս: Այս մասին Ֆէյսպուքեան էջին գրած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանը:

Աբրահամեանը յայտնած է նաեւ, որ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնն անհրաժեշտ փաստաթուղթերու փաթեթով ուղարկած է հետախուզման մէջ գտնուող, Ռուսաստանի մէջ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած Լեւոն Սարգսեանի յանձնման միջնորդութիւնը:

Սարգսեանը կը հետախուզուէր անցեալ տարուան հոկտեմբերէն: Ան կը մեղադրուէր 11 տարի առաջ կազմակերպուած խումբի կազմին մէջ առանձնապէս խոշոր չափերով գոյք յափշտակելու նպատակով աւազակային յարձակում կատարելու եւ յանցաւոր համագործակցութեան մասնակցելու մէջ: Խօսքը 2008-ին Մաքսային պետական կոմիտէի նախկին պետ Արմէն Աւետիսեանի առանձնատան վրայ աւազակային յարձակման մասին է: Յեղափոխութենէն ետք Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդեց, որ յարձակման իրական պատուիրատուն Լեւոն Սարգսեանն է:

Մարտ 1-ի գործով տուժողի փաստաբան Սեդա Սաֆարեանը բազմիցս յայտարարած է, որ Լեւոն Սարգսեանն աշխոյժ դերակատարում ունեցած է 2008 թուականի արիւնալի իրադարձութիւններուն եւ պէտք է առնուազն հարցաքննուի այդ գործով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment