Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հալէպի ՆՍՄՄ-ի «Անդրանիկ» թատերախումբի 100 ամեակի Նշումը

Հալէպի ՆՍՄՄ-ի «Անդրանիկ» թատերախումբի 100 ամեակի Նշումը

by MassisPost

Շաբաթ Նոյեմբեր 23-ին տեղի ունեցաւ ՆՍՄՄ-ի Անդրանիկ թատերախումբի 100 ամեակը նշող թատերական գործը, հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ Կարպիս Լեփեճեանի, ներկայութեամբ՝ հոգեւոր պետերու, հայրերու, հայ պետականութեան, կուսակցութեանց, մշակութային եւ մարզական միութիւններու եւ թատերախումբերու անդամներու:

«Հաւլունի Թուրը» աշխատանքի նիւթը վերցուած է հնչակեան քսան կախաղաններու պատմութեան էջերէն, հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի կարեւոր հանգրուաններէն մէկուն լուսարձակմամբ:

Ներկայացման աւարտին երկարատեւ ծափողջոյնները փաստեցին հանդիսատեսին գնահատականը, եւ նոր լիցք տուին հայ երիտասարդ սերունդին, որոնք նաեւ ներկայ էին խիտ շարքերով: Հանդիսութեան աւարտին գերապայծառ Պետրոս Արք. Միրեաթեանի եւ ՆՍՄՄ-ի ատենապետ ընկեր Ճորճ Նաճարեանի ձեռամբ պարգեւատրուեցան վեթերան անդամները:

nsca-h-3

Ն.Ս.Մ.Մ-ի «Անդրանիկ» թատերախումբի 100 ամեակը նշող թատերական գործի աւարտին, միութեանս սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաքոյթ մը կտրելու համար յոբելենական կարկանդակը: Տեղի մէջ հաւաքուեցան Ս.Դ.Հ.Կ. Հիւսիսային Շրջանի վարիչ մարմինը, Ռ.Ա.Կ. Կուսակցութեան անդամներ, բեմադրիչ Կարպիս Լեփեճեանը, վեթերան դերասանները, հայ թատերախումբերու, միութիւններու անդամներ եւ ներկայացուցիչներ:

Խօսք առին բեմադրիչն ու թատերական յանձնախումբի անդամներ, կարեւորեցին սոյն յոբելեանին իմաստը, պատմութիւնը, եւ անցեալի յիշատակներով լի եղելութիւնները: Զրոյցի բռնուած տարբեր խումբեր յաճախ կը պատմէին թատերախումբին ամենագեղեցիկ դրուագները, յիշարժան դէպքերը, եւ ապա լրումն այս երեկոյին՝ ցուցադրուեցան տեսաերիզներ դուրսը գտնուող «անդրանիկեցի» դերասաններէն, իրենց սրտի խօսքը հաղորդելով Հալէպի ընկերներուն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment