Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանին Հարց Ուղղած «Պլոկըրը» Կապուած Է Ատրպէյճանի Յատուկ Ծառայութիւններու Հետ

Փաշինեանին Հարց Ուղղած «Պլոկըրը» Կապուած Է Ատրպէյճանի Յատուկ Ծառայութիւններու Հետ

by MassisPost

Միլանի Հայ Առաքելական Սուրբ Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպման ընթացքին մուտք գործած եւ ատրպէյճանցի վիտէոպլոկըր ներկայացած Աթա Ապտուլաեւը կապուած է Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու հետ, Ոստիկանութեան կից հանրային խորհուրդի անդամ է եւ ժամանակին անցած է քրէական գործով:

Այս տեղեկութիւնները դեռ 2011 թուականին հրապարակուած է «Ազատութիւն» ռատիոկայանի ատրպէյճանական ծառայութիւնը: Այն ժամանակ Ապտուլաեւը լրագրողներու տեսադաշտին մէջ յայտնուած էր ընդդիմութեան ցոյցերը ցրելու ժամանակ իրաւապահներուն օգնելու իր գործողութիւններով:

Ապտուլաեւը կը վարէ ֆէյսպուքեան ATA TV էջը, ուր եւ հրապարակած է գայթակղային իրադարձութեան տեսագրութիւնները: Համացանցին մէջ տարածուած են նաեւ անոր լուսանկարները Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի, Ալիեւի դստեր, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի հետ: Նաեւ ջերմ լուսանկարներ ունի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքովի, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ շարք մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:

Միլանի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպման Աթա Ապտուլաեւը արտահերթ հարցի հնարաւորութիւն պահանջած է, եւ, վարչապետ Փաշինեանի թոյլտւութեամբ, հնչեցուցած է այս հարցը․ – «Ամբողջ աշխարհը ճանչցած է ատրպէյճանցիներու ցեղասպանութիւնը Հայաստանի կողմէ, ե՞րբ սա պիտի աւարտի: Պէտք է աւարտել այս պատերազմը: Ազատէք մեր հողերը, կը խնդրեմ»:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ի պատասխան պլոկըրի անհանգստութեան, երաշխաւորած է անոր անվտանգութիւնը, ինչէն ետք արձանագրած է․ – «Անհնար է պատկերացնել, որ հայը հնարաւորութիւն ունենար մուտք գործել ատրպէյճանական կողմի նմանատիպ որեւէ միջոցառման եւ հարց տալ Ատրպէյճանի նախագահին»:

«Ազատութեան» հարցին, թէ անվտանգութեան տեսանկիւնէ ինչպէս կը գնահատէ այն փաստը, որ հակառակորդ պետութեան ներկայացուցիչը մուտք կը գործէ վարչապետի հանդիպման հայ համայնքի հետ, Փաշինեանի խօսնակ Վլատիմիր Կարապետեանն արձագանգած է․ – «Մուտքը ազատ էր: Իւրաքանչիւրը կարող էր մուտք գործել»:

«Այսինքն, այստեղ վարչապետը իր անվտանգութեան աշխատակիցների թերացում չի՞ տեսնում»․ այս հարցին Հայաստանի ղեկավարի խօսնակն արձագանգած է․ – «Չէ, ես էդ բացարձակ չեմ տեսնում: Ինքը մնացած մասնակիցների նման պատշաճ կերպ էր, կարծում եմ, իրեն պահում, նաեւ՝ պատկառելի հեռաւորութեան վրայ։ Այդ առումով ես որեւէ խնդիր, ամենայն դէպս, չեմ տեսնում»:

Շուրջ 10 վայրկեան տեւած հարցուպատասխանի ընթացքին Փաշինեանը սովորական սուտ որակեց Ապտուլաեւի պնդումը, թէ ամբողջ աշխարհն ընդունած է Ատրպէյճանի նկատմամբ ցեղասպանութիւնը, քանի որ նոյնիսկ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Այազ Մութալիպովը ռուսաստանեան «Նեզաւիսիմաեա կազեթա»-ին հարցազրոյց տուած է եւ ըսած, որ Խոճալուի իրադարձութիւնները կազմակերպած է ատրպէյճանական ընդդիմութիւնը, որպէսզի իշխանափոխութիւն իրականացնէ Ատրպէյճանի մէջ:

Փաշինեանի պատասխանը համայնքի ներկայացուցիչները ընդունած են ոգեւորութեամբ եւ դժգոհութեամբ արձագանգած են ատրպէյճանցի վիտէոպլոկըրի ելոյթը շարունակելու փորձերուն։

Վերջինս հեռանալէ առաջ բարձրաձայնած է իր անվտանգութեան հարցը: Նիկոլ Փաշինեանը կարգադրած է իր թիկնազօրին ապահովել ատրպէյճանցիի անվտանգ հեռացումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment