Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Մեծարանքի Երեկոյ` Նուիրուած Վաստակաւոր Ուսուցչուհի՝ Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի

Մեծարանքի Երեկոյ` Նուիրուած Վաստակաւոր Ուսուցչուհի՝ Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի

by MassisPost

ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ

Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Միութեան «Հրանդ Տինք» դասախօսական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վաստակաւոր ուսուցչուհի՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի մեծարանքի երեկոն՝ ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Միութեան անդամներուն եւ հիւրերուն:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Պոլսոյ Տատեան վարժարանէն 70 տարի առաջ շրջանաւարտ եւ սան, նաեւ Լոս Անճելըսի Կեդրոնական Սանուց Յանձնախումբի բազմամեայ նախկին ատենապետ՝ Պրն. Յակոբ Ծերունեան, որ նշեց թէ մեծարանքի սոյն երեկոյին ազնիւ գաղափարը կազմակերպուեցաւ ի պատիւ բազում շքանշաններու դափնեկիր, պոլսահայ մտաւորական, վաստակաշատ ուսուցչուհի, յայտնի լրագրող, գրագիտուհի՝ Օր. Մաքրուհի Պիւյիւք Յակոբեանի: Ապա հանդիսավարը հրաւիրեց ներկաները պահ մը յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցանելու Տատեան վարժարանի բարերար ու հիմնադիր՝ Օսմանեան Կայսրութեան վարօդապետ Յովհաննէս Տատեանի, պատմական իր 175 տարիներու ընթացքին նիւթապէս կամ բարոյապէս ծառայող հարիւրաւոր անձերու խնկելի յիշատակին, բոլոր բարերարներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչ կամ ուսուցչուհիներուն, աշակերտ-աշակերտուհիներուն եւ Տատեան վարժարանի ի նպաստ ծառայող յանձնախումբերու եւ Միութիւններու անհատներուն, նաեւ բոլոր անոնց որոնք տարիներու ընթացքին անդարձ բաժնուեցան:

Ապա ընթերցեց Պոլսոյ Տատեան վարժարանէն առաքուած նամակը, ուղղուած Պոլսահայ Միութեան, ի պատիւ կազմակերպուած սոյն մեծարանքի հանդիսութեան, որուն մէջ անսահման գոհունակութիւն պատճառած ըլլալուն շեշտումը կը յայտնուէր: Շեշտելով թէ անոնք դաստիարակեցին այնպիսի սերունդներ որոնք պատիւ բերին մեր կրթական օճախին եւ բոլոր համայնքներուն:

oia-makruhi-2Օր. Մաքրուհի եղաւ Տատեան վարժարանի ընտանիքի անդամներէն մին՝ որպէս բազմավաստակ կրթական մշակ: Ան տարիներ շարունակ իր դրոշմը դրաւ մեր մայրենի լեզուին եւ մշակոյթի բնագաւառէն ներս: Նամակին մէջ իրենց ցանկութիւնը կը յայտնուէր որ սոյն օճախը մնայ անսասան որպէսզի իր երդիքին տակ անհամար սերունդներ գան ու հաղորդուին Մեսրոպեան այբուբենով:

Կը փոխանցուէր 175ամեակի Կարգադիր Յանձնախումբի շնորհաւորանքներն ու գնահատանքը, Պոլսահայ Միութեան Վարչութեան անդամներուն իրենց ցուցաբերած գեղեցիկ մտայղացումին ու փափկանկատութեան համար:

Ապա հրաւիրուեցաւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանը որ իր խօսքին մէջ արտայայտուեցաւ Օր. Մաքրուհիի բարեմասնութիւններուն մասին ու հրաւիրեց Մշակութային յանձնախումբի քարտուղարուհի՝ Զարուհի Խաչիկեանը որպէսզի ընթերցէ Օր. Մաքրուհիի աշակերտուհիներէն՝ Ժպիտ Չիլինկիր Զուռնաճիին նամակը, որուն մէջ կ՛անդրադառնար հայերէն լեզուի եզակի ուսուցչուհիին մասին որուն շնորհիւ ինք դարձած էր կրօնքի եւ լեզուի ուսուցչուհի: Ժպիտ Չիլինկիր կ՛որակէր իր ուսուցչուհին որպէս Հայ լեզուի ուղիղ ուսուցման վստահելի աղբիւր՝ որուն օրինակը ցանցառ է Պոլսոյ մէջ:

Յաջորդեց տեսաերիզի ցուցադրութիւն մը Տատեան վարժարանի մանկապարտէզին մասին, պատրաստուած Կարպիս Սարաֆեանի կողմէ, որ կը ներկայացնէր 25 տարիներ առաջ, Հոկտեմբեր 1, 1994 թուին, Պոլսահայ Միութեան սրահին մէջ Տատեան վարժարանի 150ամեակի առթիւ կատարուած ճաշկերոյթի ընթացքին: Տեսաերիզը կը ներկայացնէր թատերական զուարճալի կարճ արար մը, դպրոցական առօրեայ կեանքէ առնուած՝ մանկապարտէզի տարազներով:

Դարձեալ ամպիոն մօտեցաւ Տոքթ. Աւետիքեան ու ընթերցեց մեծարեալին կենսագրականը, թուելով անոր ուսուցչական ասպարէզի մէջ տարած գործունէութիւններն ու ստացած բազում շքանշաններն ու գնահատագրերը:

Հանդիսավարը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պր. Կարպիս Սարաֆեանին սոյն ձեռնարկին պատրաստութեանց համար: Ապա ընթերցեց Տատեան Վարժարանի քայլերգը, որուն բառերը գրուած են մեծարեալին կողմէ:

Հրաւիրուեցաւ մեծարեալը որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ:

Օր. Պ. Յակոբեան ողջունեց բոլորը ջերմ սիրով եւ անսահման կարօտով, իր հետ բերելով իրենց ծննդավայր՝ պոլսոյ քաղաքի բոյրն ու համբոյրը, երազներն ու ապրումները, մանկութեան ու երիտասարդութեան անմոռանալի ու անվերադարձ օրերը: Ան յայտնեց թէ երբեք չէ մոռցած իր աշակերտները որոնք այդ օր ներկայ են այդտեղ որովհետեւ անոնք իրեն կը յիշեցնեն ամենէն մաքուր եւ ամենաանկեղծ ապրումները: Բացատրութիւն տուաւ վարժարանին 175ամեակի առթիւ Պոլսոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններուն մասին:

Օր. Պ. Յակոբեան շեշտեց թէ Տատեան վարժարանը ոչ միայն ուսում ու կրթութիւն ջամբած է, այլ՝ ընտանիքի սէր, անկեղծ հոգատարութիւն եւ այս բոլորին առընթեր մասնաւորաբար տոհմիկ կրթութիւն, որ մեր լինելութեան ու գոյատեւման նախապայմանն է: Տատեանի մէջ կայ սիրոյ կապ, ըսաւ ան, համերաշխութիւն եւ վստահութիւն, ուր ուսուցիչը կը գործէ զոհաբերութեամբ ու նուիրումով: Ան կրթական հաստատութիւն մըն է ուր իր իւրայատուկ հմայքն ու քաշողականութիւնը ունի: Իր վերջին խօսքով Օր. Պ.Յակոբեան յորդորեց բոլոր հին ու նոր Տատեանցիները որպէսզի ձեռք ձեռքի տան ու տէր կանգնին այս վարժարանին որպէսզի ան մեր քոյր վարժարաններուն հետ ըլլայ թեւանցուկ, շղթայ կազմած ու մեր պայքարին ու մարտնչումներուն ցայտուն խորհրդանիշը դառնայ:

Ապա հրաւիրուեցան Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէրն ու Յակոբ Ծերունեանը եւ Տոքթ. Աւետիքեանի ձեռամբ մեծարեալին շնորհուեցաւ գնահատագիր մը Մշակութային Յանձնախումբին կողմէ առ ի գնահատանք իր բազմամեայ նուիրեալ գործունէութեանց:

Առնուեցաւ նաեւ յիշատակի խմբային պատկեր:

Օր. Պ. Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ մեծ ընտանիքին, որ իրողապէս կ՛իրականացնէ իր ազգային պարտականութիւնը:

Պոլսահայ Միութեան եւ բոլոր յարակից յանձնախումբերու անունով կը շնորհաւորենք Օրդ. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը որ ծառայեց իբրեւ ուսուցչուհի եւ իր տքնաջան ու հետեւողական աշխատանքով կրցաւ իրականացնել իրեն վստահուած առաքելութիւնը: Ան՝ Տատեան վարժարանի առաքելութեան հաւատացող, լուռ, անշեղ եւ դաստիարակիչ նկարագրով, բարձր մակարդակով եւ հոգիով կատարեց ուսուցչութիւնը վարժարանին մէջ:

Ներկաները մեկնեցան, հաւատալով որ հայկական կրթօճախները կը հանդիսանան մայրենիի ջահը վառ պահող բնօրրանները, ապա այդ ջահը սերունդէ- սերունդ կը փոխանցէ հայ ուսուցիչը, եւ այդ կրթօճախին սիւնն է, առանց որուն հայ կրթօճախը կը զրկուի իր հայկական ինքնութենէն: Ի մասնաւորի հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան առարկաներու դասատուով է, որ կ՛արժեւորուի հայ դպրոցը եւ կը դրոշմուի ազգային ինքնութեամբ:

«Պոլսահայ Միութիւնը այսօր կու գայ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու պոլսահայ ուսուցչուհիին եւ անոր ըսելու` «Վարձքդ կատա՛ր»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment