Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովի Պատգամաւոր Արման Պապաճանեանի Հաղորդման Հիման Վրա ՅՔԾ-Ն Քրէական Գործ Յարուցած Է Իշխանութիւնը Իւրացնելու Յօդուածով

Ազգային Ժողովի Պատգամաւոր Արման Պապաճանեանի Հաղորդման Հիման Վրա ՅՔԾ-Ն Քրէական Գործ Յարուցած Է Իշխանութիւնը Իւրացնելու Յօդուածով

by MassisPost

Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Պապաճանեանի հաղորդման հիման վրայ քրէական գործ յարուցուած է իշխանութիւնը իւրացնելու առերեւոյթ յանցագործութեան դէպքի առթիւ: Այս մասին կը հաղորդէ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը:

«ԱԺ պատգամաւոր Արման Պապաճանեանի կողմից Հայաստանի գլխաւոր դատախազին հաղորդում է ներկայացուել մի խումբ պաշտօնատար անձանց կողմից պետական իշխանութիւնը իւրացնելու առերեւոյթ յանցագործութեան դէպքի կապակցութեամբ: Հաղորդման հիման վրայ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան մօտ նախապատրաստուած նիւթերով որոշում կայացուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300-րդ յօդուածի 1-ին մասով քրէական գործ յարուցելու մասին: Կը կատարուի նախաքննութիւն», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, անկախ պատգամաւոր Արման Պապաճանեանը պնդած է, որ Հրայր Թովմասեանը իւրացուցած է Սահմանադրական դատարանի նախագահի պաշտօնը յանցաւոր     մօտեցումներ կիրառելով, եւ Հոկտեմբերի սկիզբը դիմում ներկայացուցած է Գլխաւոր դատախազութիւն՝ պահանջելով քրէաիրաւական գնահատական տալ այդ «կոպտագոյն իրաւախախտումներուն»:

Քրէական օրէնսգիրքի 300-րդ յօդուածի 1-ին մասով «իշխանութիւնը զաւթելը` բռնութիւն գործադրելու կամ բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքի միջոցով, ինչպէս նաեւ Սահմանադրութեամբ չնախատեսուած այլ եղանակով Հանրապետութեան Նախագահի, Ազգային ժողովի, կառավարութեան կամ Սահմանադրական դատարանի լիազօրութիւններուն տիրանալը» կը պատժուի ազատազրկմամբ` 10-էն մինչեւ 15 տարի ժամկէտով:

Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) քննիչը այցելած է Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) գրասենեակ՝ առգրաւելու Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի՝ կուսակցութեան անդամութեան կասեցման վերաբերող նիւթերը: Այս մասին Ֆէյսպուքի էջին գրած է Հանրապետականի փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment