Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղեկատուական Արհեստագիտութիւններու Համաշխարհային Համաժողովը Աւարտած Է

Տեղեկատուական Արհեստագիտութիւններու Համաշխարհային Համաժողովը Աւարտած Է

by MassisPost

Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը աւարտած է։ Հոկտեմբեր 6-էն մեկնարկած համաժողովի կազմակերպիչները արդէն խօսած են արդիւնքներու մասին. երեք օրուան ընթացքին բազմաթիւ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են ոլորտի միջազգային ու հայաստանեան ընկերութիւններու միջեւ։

Համաժողովի կազմակերպչական կոմիտէի նախագահ Ալեքսանտր Եսայեանը կը կարծէ՝ համաժողովը պիտի նպաստէ Հայաստանի ճանաչելիութեան բարձրացման՝ որպէս տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ մեծ ներուժ ունեցող երկիր։

«Աւելի շատ սա հարթակ է, որտեղ մենք կարողանում ենք ներկայացնենք, թէ ինչով է Հայաստանը տարբերւում միւս երկրներից, ինչը կարծում եմ՝ մեզ յաջողուել է ու ինքն իր արդիւնքները շարունակական դեռ տալու է», – նշած է Եսայեանը։

UATE President Alexander Yesayan, UATE Executive Director Karen Vardanyan, WCIT Chairman Yvonne Chiu and Prime minister of Armenia Nikol Pashinyan at the WCIT 2019 Gala diner

UATE President Alexander Yesayan, UATE Executive Director Karen Vardanyan, WCIT Chairman Yvonne Chiu and Prime minister of Armenia Nikol Pashinyan at the WCIT 2019 Gala diner

Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու քարտէզին վրայ Հայաստանի դիրքերը աւելի բարելաւուած են WCIT-ի շնորհիւ, համոզուած է Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան նախագահը։ Կարէն Վարդանեանը ըսած է՝ համաժողովի արդիւնքները աւելի ուշ տեսանելի կը դառնան։

«Բազմաթիւ մարդիկ գիտեմ, որ մի քանի ուղղութեամբ հայկական ընկերութիւնների հետ հենց հիմա բանակցութիւնների մէջ են, ես կարծում եմ՝ դրա արդիւնքները կերեւայ մէկ տարի, երկու տարուայ կտրուածքով, որովհետեւ պարզ է, որ բանակցութիւնները, եթէ էսօր են սկսուել, ապա նրանք կաւարտուեն մի քանի ամսուայ մէջ, մինչեւ իրականացուեն մէկ, երկու տարի պէտք է», – ըսած է Վարդանեանը։

Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի միջազգային ամենահեղինակաւոր համաժողովին մասնակցելու համար 70 երկրէ Հայաստան ժամանած են 6 հազար հիւրեր, անոնց շարքին են ՏԱ ոլորտի հեղինակաւոր դէմքեր։ System of a Down ռոք խումբի հիմնադիր եւ մենակատար Սերժ Թանքեանն ու ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը եւս Հայաստան են համաժողովի առիթով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment