Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բակօ Սահակեանը Ընդունած Է ԱՄՆ Քոնկրէսականները

Բակօ Սահակեանը Ընդունած Է ԱՄՆ Քոնկրէսականները

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանը Հոկտեմբեր 8-ին ընդունած է ԱՄՆ  քոնկրէսականներ Ճեքի Սփիրը եւ Ճուտի Չուն:

Ինչպէս յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնէն, քննարկուած են ամերիկա-արցախեան յարաբերութիւններուն, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող տարբեր հարցեր:

Նախագահ Սահակեանը ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Արցախի արտաքին քաղաքական օրակարգի կարեւոր ուղղութիւններէն է՝ բարձր գնահատելով Միացեալ Նահանգներու դերը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ մեր տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պահպանման գործին մէջ:

Հանդիպման մասնակցած էին ԱԺ փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը, ՀՀ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը, պաշտօնատար այլ անձինք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment