Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Թրամփ Որոշած Է Ամերիկեան Ուժերը Դուրս Բերել Սուրիայէն, Թուրքերը Կը Պատրաստուին Ներխուժման

Նախագահ Թրամփ Որոշած Է Ամերիկեան Ուժերը Դուրս Բերել Սուրիայէն, Թուրքերը Կը Պատրաստուին Ներխուժման

by MassisPost

Ամերիկեան զօրքերը սկսած են դուրս գալ Սուրիոյ հիւսիսէն՝ քիւրտերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն՝ ճանապարհ հարթելով թրքական կողմի յառաջխաղացման համար:

Որոշումը ընդունուած է Միացեալ Նահանգներու ու Թուրքիոյ նախագահներու միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցէն ետք:

«ԱՄՆ-ը չաջակցիր եւ չի ներգրաւուիր Սուրիոյ հիւսիսը Թուրքիոյ կողմէ երկար ժամանակ ծրագրուած գործողութեան: Անոր մեկնարկի պահուն ամերիկեան զօրքերը այլեւս այդ շրջանին մէջ չեն ըլլար», – յայտարարած է Սպիտակ տունը:

Էրտողան իր հերթին պնդած է, թէ ներխուժումը Սուրիա կրնայ սկսիլ ցանկացած պահի՝ ընդգծելով, որ բանակի առջեւ խնդիր դրուած է մաքրել Եփրատի ափը քրտական ուժերէն․ – «Մեր զօրքերը կրնան Եփրատի արեւելեան ափը հասնիլ այս գիշեր, առանց նախազգուշացման: Մենք այլեւս չենք կրնար հանդուրժել ահաբեկչական այդ խմբաւորումներէն եկող վտանգը: Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներուն, ապա նախագահ Թրամփը խոստացաւ, որ ամերիկեան կողմը դուրս պիտի բերէ իր զօրքերը, եւ այդ գործընթացը արդէն սկսած է»:

Արեւմտեան մամուլը կը փաստէ, որ այս քայլով Սպիտակ տան ղեկավարը արմատապէս կը փոխէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը Սուրիոյ քիւրտերու հարցով:

«Քրտական ուժերը Միացեալ Նահանգներու ամենահաւատարիմ գործընկերն էին «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներու դէմ պայքարին մէջ», – գրած է «Նիւ Եորք Թայմզը»՝ աւելցելով․ – «Նախագահ Թրամփ այդ որոշմամբ կը հակառակուի Փենթակոնի ու Պետական բաժանմունքի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, որոնք պնդած էին, թէ Ամերիկան պէտք է փոքրաթիւ զօրքեր թողէ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այդ տարածքներուն մէջ»:

Թրամփի որոշումը քննադատած են նաեւ Սուրիոյ հիւսիսը հաստատուած քրտական զօրամիաւորումները, որոնք փաստացի ստիպուած են հիմա առանձին դիմակայել թրքական բանակի յառաջխաղացման:

«Ամերիկեան կողմը ետ կանգնեցաւ իր ստանձնած պարտաւորութիւններէն», – յայտարարած է անոնց միաւորող կառոյցը՝ յիշեցնելով, որ անցած 5 տարուան ընթացքին Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերը 11 հազար զինուոր կորսնցուցած են ամերիկեան բանակի հետ ուս-ուսի՝ «Իսլամական պետութեան» դէմ մղած պայքարին մէջ:

Թուրքիան առաջին անգամը չէ ռազմական գործողութիւններ կ’իրականացնէ Սուրիոյ հիւսիսը հաստատուած քրտական ուժերու դէմ՝ պնդելով, թէ անոնք ահաբեկչական խմբաւորումներ են: Սեփական տարածքին մէջ քիւրտ անջատականներու հետ աւելի քան 40 տարի շարունակուող պայքարին Անգարան բազմիցս յայտարարած է, որ ոչ մէկ պարագայի չի հանդուրժեր քիւրտերու ամրապնդումը անմիջապէս իր սահմաններուն մօտ:

«Թրքական յարձակումը կրնայ վերածուիլ լայնածաւալ պատերազմի եւ կործանել այն առաջընթացն ու կայունութիւնը, որ ձեռք բերուած է ճիհատիստներու դէմ տարիներ շարունակուած պայքարի արդիւնքով», – զգուշացուցած է Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերու հրամանատարութիւնը:

Թրքական յառաջխաղացումը դատապարտուած է նաեւ պաշտօնական Դամասկոսը՝ ընդգծելով, որ իր տարածքին մէջ «անվտանգութեան գօտի ստեղծելու» Անգարայի ծրագրերը կոպտօրէն կ’ոտնահարեն միջազգային իրաւունքի նորմերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment