Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ութը Երկիրներու Ղեկավարներու Մասնակցութեամբ Երեւանի Մէջ Կայացաւ ԵԱՏՄ Գագաթի Ժողովը

Ութը Երկիրներու Ղեկավարներու Մասնակցութեամբ Երեւանի Մէջ Կայացաւ ԵԱՏՄ Գագաթի Ժողովը

by MassisPost

Հոկտեմբեր 1-ին Երեւանի նախագահական նստավայրին մէջ կայացաւ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստը, որուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած էին 7 պետութիւններու առաջնորդներ:
ԵԱՏՄ Բարձրագոյն խորհուրդի նեղ կազմով նիստին մասնակցեցան ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու ղեկավարները՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին, Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօ, Ղրղզստանի Հանրապետութեան նախագահ Սոորոնպա Ժէենպեկով, Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահ Քասիմ Ժոմարթ-թոքաեւ եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան:

Ընդլայնուած կազմով նիստին՝ հրաւիրեալ երկրի ղեկավարի կարգավիճակով կը մասնակցէին նաեւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի եւ Սինկափուրի Հանրապետութէան վարչապետ Լի Սյեն Լուն: Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոն նիստին կը մասնակցէր՝ որպէս դիտորդի կարգավիճակի մէջ գտնուող երկրի ղեկավար:

Նիստի բացման խօսքով հանդէս եկած է Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ նախագահող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ նշած է, մասնաւորապէս, թէ երեւանեան նիստը բացառիկ է այն առումով, որ կը մասնակցին Իրանի եւ Սինկափուրի ղեկավարները, եւ, փաստօրէն, միութիւնը կ’ընդլայնէ այլ երկիրներու հետ համագործակցութիւնը:

Եւրասիական տնտեսական միութեան Բարձրագոյն խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին քննարկուած է ԵԱՏՄ 2018-ի պիւտճէի կատարողականը, ԵԱՏՄ 2020-ի պիւտճէն, ԵԱՏՄ միասնական ելեւմտական շուկայի կազմաւորման հայեցակարգը, ԵԱՏՄ ներքին շարք մը փոփոխութիւններ եւ Բարձրագոյն խորհուրդի յաջորդ նիստի վայրը:

eaeu-3

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որպէս ԵԱՏՄ-ի մէջ նախագահող եւ հիւրընկալող երկրի ղեկավար, ողջունելով նիստի մասնակիցները՝ նշած է, որ իր համար մեծ պատիւ է հերթական նիստի ընթացքին անոնց ողջունել Երեւանի մէջ:

«Մեր կազմակերպութիւնը, որն արդէն 5 տարեկան է, շարունակում է տարեցտարի աւելի ամուր դառնալ: Այն արդէն ցոյց է տուել իր կենսունակութիւնը եւ գրաւչութիւնը՝ որպէս միջազգային միութիւն»,- ընդգծած է ՀՀ վարչապետը:

Արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է ԵԱՏՄ շրջածիրէն ներս աշխատուժի ազատ տեղաշարժի համար առկայ արգելքները վերացնելուն ուղղուած միջոցները, որոնք կը խոչընդոտեն աշխատուժի միասնական շուկայի ձեւաւորման:

Անոր խօսքով՝ ելեկտրոնային թուային ստորագրութիւններու փոխադարձ ճանաչումը հնարաւոր մատակարարներու՝ ելեկտրոնային ձեւաչափով գնումներուն անխոչընդոտ մասնակցութիւնը ապահովելու համար նոյնպէս առանձնայատուկ ուշադրութիւն պահանջող առաջնահերթ հարցերէն է, եւ անհրաժեշտ է բոլորի համար ընդունելի լուծում գտնել:

Նիկոլ Փաշինեանը նշած է նաեւ, որ անհրաժեշտ կը համարեն աշխոյժացնել համատեղ ջանքերը՝ ուղղուած ԵԱՏՄ երկիրներու միջեւ ազգային արժոյթներով հաշուարկներու անցման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման:

Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, որ Հայաստանը առանձնայատուկ կը կարեւորէ Եւրասիական տնտեսական միութեան արտաքին տնտեսական յարաբերութիւններու աշխարհագրութեան ընդլայնումը: Անոր խօսքով՝ արդէն այս ամիս ուժի մէջ կը մտնեն Իրանի եւ Չինաստանի հետ համաձայնագրերը: Անոնց յետագայ իրականացումը, ըստ անոր, առաջնային է՝ երրորդ երկիրներու հետ առեւտրային համագործակցութեան իրական ընդլայնման ծիրէն ներս:

Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ յայտնած է, որ արդէն աւարտած են Սինկափուրի հետ բանակցութիւնները: Ստորագրուած է ԵԱՏՄ-ի, անոր անդամ երկիրներու եւ Սինկափուրի Հանրապետութեան միջեւ Ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment