Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամերիկացի Գոնկրէսականներ Կը Պահանջեն Դադրեցնել Ատրպէյճանի Ռազմական Օգնութիւնը

Ամերիկացի Գոնկրէսականներ Կը Պահանջեն Դադրեցնել Ատրպէյճանի Ռազմական Օգնութիւնը

by MassisPost

ԱՄՆ Գոնկրէսի հայկական հարցերով համախմբումը Սեպտեմբեր 27-ին նամակով դիմած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյին եւ պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփէրին:

Նամակին մէջ յանձնախումբը մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութեան ծաւալներու մեծացման եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հաւասարակռութեան խախտման կապակցութեամբ: Նամակը ստորագրած են Գոնկրէսականներ Ֆրենք Փալլոնը, Ճեքի Սփիեռն ու Ատամ Շիֆը:

Հայկական համախմբումի ղեկավարները կոչ ըրած են ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան հաշուի առնել Ատրպէյճանի վերաբերեալ 1992 թուականին ընդունուած 901 բանաձեւի փաստը, որ ամէն տարի 2002 թուականէն յատուկ փաստաթուղթով կը չեղարկուի պետական քարտուղարութեան կողմէ:

Բանաձեւը կ’արգիլէ Ատրպէյճանին ամերիկեան ուղիղ օգնութեան տրամադրումը, քանի դեռ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը քայլեր չի ձեռնարկեր Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման դէմ եւ չէ դադրեցուցած ռազմատենչ գործողութիւնները վերջիններուս նկատմամբ:

Նամակին մէջ գոնկրէսականները կը խնդրեն անմիջապէս դադրեցնել ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին, վերանայիլ 901 բանաձեւի վերացման կարգը եւ մանրամասն տեղեկութիւն տրամադրել՝ Ատպէյճանին տրուող օգնութեան վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment