Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ Մեկնարկած Են Լայնածաւալ Զօրավարժութիւններ

Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ Մեկնարկած Են Լայնածաւալ Զօրավարժութիւններ

by MassisPost

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը յայտարարած է, որ «Զինուած ուժերու ծաւալումը, հակառակորդինյարձակման դիմագրաւումը» թեմայով մեկնարկած լայնածաւալ ռազմավարական զօրավարժութիւններուն հազարաւոր քաղաքացիներ ներգարւուած են:

Նախարարը ընդգծած է, որ նման ծաւալներով զօրահաւաքային վարժանքներ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի կունենան:

Տօնոեանը խօսած է երկու օր առաջ Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանցիներու ներթափանցման փորձի մասին: Հարցին, թէ ինչով կը պայմանաւորէ ատրպէյճանական կողմի աշխոյժութիւնը, նախարարը արձագանգած է՝ չի կրնար ըսել:

Զօրավարժութիւնները պիտի տեւեն մինչեւ Հոկտեմբեր 5-ը: Արդէն պայմանական ռազմական դրութիւն յայտարարուած է: Անոնց ընթացքին Զինուած ուժերու տարբեր ստորաբաժանումները պիտի իրականացնեն մարտական կրակի կիրառմամբ պայմանական նշանակէտերու խոցումներ:

Հայաստանի մէջ կայացող զօրավարժութեան զուգահեռ նաեւԱրցախի մէջ տեղի կ’ունեանայ համանուն զօրավարժութիւն: Արցախի Պաշտպանութեան բանակէն կը յայտնեն, որ զօրախաղերու այս փուլին պաշտպանութեան բանակի զօրամասերը տագնապով բերուած են մարտական պատրաստականութեան աստիճանի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment