Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Իմ Քայլը» Դաշինքը Սահմանադրական Դատարանի Նախագահի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Գործընթաց Սկսած Է

«Իմ Քայլը» Դաշինքը Սահմանադրական Դատարանի Նախագահի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Գործընթաց Սկսած Է

by MassisPost

Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու գործընթաց սկսած է:

Ըստ իշխող ուժի՝ Սահմանադրական դատարանը կարգապահական խախտումներ թոյլ տուած է Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումը քննելու ընթացքին: Անոնցմէ մէկն ալ Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Վահէ Գրիգորեանի միջնորդութիւնը շրջանցելն է: Մինչդեռ դատաւորը բարձրացուցած էր Քոչարեանի դիմումի քննութեան ՍԴ նախագահ Հրայր Թովմասեանի, անդամներ Արեւիկ Պետրոսեանի եւ Հրանդ Նազարեանի մասնակցութեան անհնարինութեան հարցը: Վահէ Գրիգորեանը ներկայացուցած էր Քոչարեանի գործով անոնց կողմ ըլլալու հիմքերը:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ Սահմանադրական դատարանի անդամ Արեւիկ Պետրոսեանը մանրամասնած է՝ անհրաժեշտ չեն համարած քննել Վահէ Գրիգորեանի միջնորդութիւնը, քանի որ պատշաճ կարգով չէ ներկայացուած: -«Առաւել եւս՝ Սահմանադրական դատարանի դատաւորը պարտաւոր է պահպանել Սահմանադրական դատարանի օրէնքի պահանջները եւ այդպիսի դիմումները ներկայացնել սահմանուած ժամկէտներում, սահմանուած ընթացակարգով եւ իր լիազօրութիւնների շրջանակներում», -նշած է ՍԴ անդամը: –

«Այդ դիմումը ներկայացուել է ոչ պատշաճ կարգով, այդ դիմումը ներկայացուել է ոչ պատշաճ ժամկէտներում, այդ դիմումը ներկայացուել է ոչ պատշաճ անձի կողմից եւ, հետևաբար, այդ հարցը բազմակողմանի քննութեան առարկայ է դարձել», -աւելցուցած է Արեւիկ Պետրոսեանը:

Ինչ կը վերաբերի խորհրդարանի սկսած գործընթացին, Արեւիկ Պետրոսեանը ըսած է՝ Ազգային ժողովի քայլերը պէտք է բխին Սահմանադրութենէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment