Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Գանատան Պատասխանած է Ատրպէյճանի Բողոքագրին

Գանատան Պատասխանած է Ատրպէյճանի Բողոքագրին

by MassisPost

Գանատայի խորհրդարանի երկու անդամներու՝ 2017-ի Սեպտեմբերին Ղարաբաղ կատարած այցելութեան առնչութեամբ Պաքու  բողոքի գիր (նոթա) յղած էր Գանատայի արտաքին գործոց, առեւտուրի եւ զարգացման նախարարութիւններուն:

Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւորներ Թոնի Քլեմանը եւ Ռեյչըլ Հարտըրը Ատրպէյճանը ընդգրկած է ոչ-ցանկալի անձանց «սեւ ցուցակին» մէջ:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակը «Թրենտ»-ին ըսած է, թէ գանատական կողմի պատասխանին մէջ նշուած է, որ խորհրդարանի երկու անդամները Ղարաբաղ այցելած են ոչ որպէս իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, անոնց այցի մասին կառավարութիւնը տեղեակ չէ եղած:

Ըստ Հիքմէթ Հաճիեւի, պատասխանին մէջ նշուած է, որ Գանատան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ «ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղն ու յարակից եօթ շրջանները», «Գանատան չի ճանչնար «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը» եւ անոր «պաշտօնական ներկայացուցիչները»: Ընդգծուած է, որ Գանատայի կառավարութիւնը կ’աջակցի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջագիծէն ներս, ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment