Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Խորհրդարանը Սկսած է Ընտրական Օրէնսգիրքի Մասին Նոր Օրէնքի Քննարկումները

Հայաստանի Խորհրդարանը Սկսած է Ընտրական Օրէնսգիրքի Մասին Նոր Օրէնքի Քննարկումները

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային ժողովը սկսած է Ընտրական օրէնսգիրքի եւ Կուսակցութիւններու մասին օրէնքի փոփոխութիւններու գործընթաց, որու արդիւնքով կրնան տեղի ունենալ առանցքային փոփոխութիւններ երկու փաստաթուղթերուն մէջ:

Աշխատանքային խումբի համակարգող, «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Համազասպ Դանիէլեանի խօսքով, բաւարար ժամանակ ունին անդրադառնալու բոլոր խնդիրներուն՝ խոշորներէն մինչեւ առաջին հայացքով պակաս կարեւոր թուացող հարցերուն:

«Մենք գործընթացը վաղ ենք սկսել, որ մենք թէմա առ թէմա շատ մանրամասն կարողանանք անդրադառնալ», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Դանիէլեան:

Ընտրական օրէնսգիրքի ամենաքննադատուած կէտերէն մէկը՝ վարկանշային ընտրակարգի վերանայումը պիտի ըլլայ յառաջիկայ քննարկումներու առանցքը: Պատգամաւորի խօսքով՝ այս պահին յստակ միայն կրնայ ըսել, որ այդ ընտրակարգը «Իմ քայլ»-ի համար ընդունելի չէ:

«Կաւելացնէի, ընտրական վէճերի բողոքարկման կարգի հետ կապուած կարգաւորումները, քարոզարշաւի տեւողութիւն եւ աւելի ընդարձակ՝ քարոզարշաւի հետ կապուած կարգաւորումները, միգուցէ՝ յանձնաժողովների ձեւաւորման կարգը, ընտրողների ցուցակներն են խիստ կարեւոր, որովհետեւ տասնամեակներ շարունակ մենք խօսում ենք դրանց ուռճացուած լինելու մասին», – նշած է իշխանական խմբակցութեան պատգամաւորը:

Ընտրական օրէնսգրքին մէջ առկայ քննարկման կամ վերանայման ենթակայ տասնեակ կէտերէն է նաեւ, օրինակ, պատգամաւորի թեկնածուին առաջադրուող պահանջներու հարցը: «Ներառեալ, օրինակ, երկքաղաքացիների նկատմամբ արգելանքը, որը պարբերաբար եղել է, այն պահից, ինչ ընդունուել է, մասն է կազմել մեր օրէնսդրութեան, միշտ եղել է <…>, Վենետիկի յանձնաժողովի, ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի բոլոր զեկոյցներում միշտ անդրադարձել են, որ սա խնդրայարոյց է: Պէտք է դեռ քննարկենք», – ըսած է Դանիէլեանը:

Այնուամենայնիւ, պատգամաւորները պիտի աշխատին նախ Կուսակցութիւններու մասին օրէնքի փոփոխութիւններու նախագիծի վրայª փորձելով այն իրականութիւն դարձնել մինչեւ Յունուար 1-ը: Նախագիծը մշակելու ժամանակ մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնեն կուսակցութիւններու նիւթական աղբիւրներու թափանցիկութեան, հաշուետուողականութեան ու ներքին ժողովրդավարութեան հարցերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment