«WCIT 2019»-ի կազմակերպիչները յայտարարած են, որ գործատէր, հաղորդավար, բնորդ, արտադրող Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ պիտի մասնակցի «WCIT 2019» ՏԱ 23-րդ համաշխարհային համաժողովին` որպէս հիմնական զեկուցող եւ նիստավար:
«Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու (ՏԱ) աշխարհի ամենահեղինակաւոր ժողովներէն մէկը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ` Հոկտեմբեր 6-9:
Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ հանդէս պիտի գայ «Գաղափարներու շուկայ» փորձագիտական լիագումար նիստին, ուր պիտի քննարկուի, թէ ապակեդրոնացուած արհեստագիտութիւնները որքանով նպաստած են ժամանցի, մետիայի եւ լրագրութեան աշխարհներու ժողովրդայնացման եւ թէ որքանով յեղափոխած են արուեստի, տեղեկատւութեան տարածման մեր մեթոտները` նոր աստղեր պատրաստելու ճանապարհին: «Գաղափարներու շուկայ» նիստի քննարկումները պիտի պարզեն, թէ ինչ կը նշանակեն այս զարգացումները անձնական կեանքի գաղտնիութեան, ընկերային յարաբերութիւններու, հիմնարկներու նկատմամբ վստահութեան եւ նոր գործի օրինակներու համար:
«Գաղափարներու շուկայ» փորձագիտական նիստի ընթացքին անհատական ելոյթէն յետոյ Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ դէմ առ դէմ հարցազրոյց պիտի ունենայ, այնուհետեւ պիտի միանայ փորձագէտ ականաւոր գործիչներու խումբին, որոնց շարքին պիտի ըլլան յայտնի հայկական «PicsArt» ընկերութեան համահիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Յովհաննէս Աւոյեանը` շարունակելու յետագայ քննարկումները:
«WCIT 2019»-ի կազմակերպչական կոմիտէի նախագահ, Առաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան նախագահ, Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան ծառայութիւններու խոշորագոյն մատակարար «Եուքոմ» ընկերութեան համահիմնադիր Ալեքսանտր Եսայեանը Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթի այցի վերաբերեալ յայտնած է․ «Մենք` WCIT 2019-ի կազմակերպիչներս, օրակարգը կազմելու ատեն որոշեցինք համարձակ, ոչ սովորական մօտեցում ցուցաբերել: Մենք երբեմն լրջօրէն կ՛ընդունինք նոյնիսկ հակասական գաղափարներ այն բոլոր մարդոցմէ, որոնք էական ըսելիք ունին ՏԱ արդիւնաբերութեան եւ ոչ միայն անոր մասին:
Աւելի քան 240 միլիոն հետեւորդներով` Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ ընկերային ցանցերու մէջ ամենամեծ լսարանը ունեցողներէն է: Ան մեր ժամանակաշրջանի ամենաազդեցիկ ձայներէն մէկն է աշխարհի վրայ: Մենք համոզուած ենք, որ Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթը, որպէս արտասովոր յաջողակ գործարար, որպէս այս ոլորտի առաջամարտիկ, որպէս կին եւ մայր, կարեւոր ու հետաքրքրական ըսելիք պիտի ունենայ ընկերային մետիայի մէջ ձեռներէցութեան աշխարհի մասին, որու ստեղծման եւ ձեւաւորման նպաստած է արդէն երկու տասնամեակ: Մեր կարծիքով, առանց անոր մասնակցութեան հնարաւոր չէ լուրջ զրոյց ծաւալել այս թեմային շուրջ:
Մենք կ՛ակնկալենք Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթը ողջունել իր նախնիներու երկրին մէջ եւ «WCIT 2019»-ի գաղափարներու մեծ բեմին վրայ»:
Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ իր հարթակը աշխուժօրէն կ՛օգտագործէր քրէական արդարադատութեան բարեփոխումներու համար, իսկ Մայիսին յայտարարեց, որ սկսած է իրաւաբանութիւն ուսանելու Քալիֆորնիոյ մէջ: Այս Սեպտեմբերին ան պիտի ներկայացնէ իր սպասուած «SKIMS» հագուստի նորաձեւութեան հաւաքածուն, ի լրումն «KKW BEAUTY» եւ «KKW Fregrance» հաւաքածուներու, որոնք թողարկուած են 2017-ին:
«WCIT» ՏԱ համաշխարհային համաժողովը Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային դաշինքի (ՏՏԾՀԴ) ամենանշանաւոր համաժողովն է: Դաշինքը 83 երկիրներու տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու (ՏՀԱ) միութիւններէ բաղկացած ընկերակցութիւն է, որ կը ներկայացնէ ոլորտի 90 տոկոսը: Այս տարի «WCIT» ՏԱ համաշխարհային համաժողովի թեման է` «Ապակեդրոնացման ուժը. ակնկալիք եւ վտանգ»: Համաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուի, թէ ինչպէս տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւնները թէ՛ դրական, թէ՛ բացասական առումներով կը վերափոխեն մեր կեանքը, ինչ ազդեցութիւն կ՛ունենան շահոյթի եւ բարեկեցութեան, ապահովութեան եւ անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդասիրութեան վրայ:
Երեւանեան համաժողովին կը սպասուի աւելի քան 2000 մասնակից` 70 երկրէ: