ՀՀ քննչական կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերով (ՅԿԳ) քննութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ կը շարունակուի «Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցք» ծրագրի մշակման եւ իրագործման գործընթացին մէջ թոյլ տրուած առերեւոյթ չարաշահումներու դէպքերու առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:
Մասնաւորապէս՝ պարզուած է, որ թէեւ ըստ իրաւական ընթացակարգերու ենթակապալառու կազմակերպութիւններու ընտրութիւնը գլխաւոր կապալառու սպանական կազմակերպութեան կողմէ պէտք է կատարուէր Ծրագրի ճարտարապետի եւ պատուիրատուի՝ ՀՀ կապի եւ փոխադրութեան նախարարութեան համապատասխան պաշտօնատար անձանց համաձայնութեամբ, սակայն փաստացի այդ գործընթացները ղեկավարուած են ՀՀ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան, ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր՝ Լեովա Սարգսեանի կողմէ, որ այդ գործընթացները կազմակերպած եւ իրականացուցած է Ծրագրին մէջ որպէս ենթակապալառու հանդիսացող «ՓՈԼԻԹՐԱՆՍՓՈՐԹ» ընկերութեան սեփականատերէր Սուրէն եւ Գէորգ Վարդանեաններու հետ:
Պարզուած է, որ Լեովա Սարգսեան իր ունեցած դիրքի եւ կապերու շնորհիւ, իրական ազդեցութիւն ունեցած է 250 միլիոն ԱՄՆ տոլար արժողութեան Ծրագրին մէջ վերը նշուած անձանց հետ, ձեռք բերուած նախնական համաձայնութեամբ կազմակերպութիւններէն մէկու տնօրէնէն պահանջած է վճարել աշխատանքներու կատարումէն ակնկալուող շահոյթի 50 տոկոսը, որու ստացումը կազմակերպած է փողերու լուացման միջոցով:
Նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու հիման վրայ որոշում կայացուած է՝ Լեովա Սարգսեանը որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու մասին, անոր նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում եւ միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան՝ անոր նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու մասին: