Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամուլսարի Ոսկիի Հանքի Հարցով Վարչապետ Փաշինեան Հանդիպած է «Լիտիան Ինթըրնաշընլ», Ջերմուկ Քաղաքի Բնակիչներու եւ «Իմ Քայլը» Խմբակցութեան Հետ

Ամուլսարի Ոսկիի Հանքի Հարցով Վարչապետ Փաշինեան Հանդիպած է «Լիտիան Ինթըրնաշընլ», Ջերմուկ Քաղաքի Բնակիչներու եւ «Իմ Քայլը» Խմբակցութեան Հետ

by MassisPost

Ուրբաթ օր տեղի ունեցած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան փակ նիստը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան գրասենեակէն ներս: Մօտ երեք ժամ քննարկուած է Ամուլսարի ոսկիի հանքի հարցը: Ետքը Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպում ունեցած է Վայոց ձորի Ջերմուկ քաղաքի քանի մը բնակիչներու հետ, յետոյ ալ «Լիտիան ինթըրնաշընլ»-ի եւ «Լիտիան Արմենիա»-ի գործադիր տնօրէններու հետ:

Վարչապետի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը յայտնած է, որ հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են Ամուլսարի ծրագրի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է Ամուլսարի հանքի վերաբերեալ իրականացուած միջազգային փորձաքննութեան եզրակացութեան, անոր վերլուծութեան արդիւնքներուն եւ բարձրացուած խնդիրներուն:

«Լիտիան Արմենիա»-էն «Ազատութեան» փոխանցած են, որ հանդիպումը պիտի չմեկնաբանեն: Չմեկնաբանելու որոշում կայացուցած են նաեւ Ամուլսարէն 10 քմ հեռու գտնուող Ջերմուկի ներկայացուցիչները: Այս մասին «Ազատութեան» փոխանցած է հանդիպման մասնակից Նազելի Վարդանեանը: Անոր խօսքով՝ նախ Փաշինեանը իրենց փոխանցած է վերջին նորութիւնները, յետոյ իրենք վարչապետին ներկայացուցած են իրենց մտահոգութիւնները: Բովանդակային մանրամասներ ըսած է՝ պիտի փոխանցեն վաղը, կառավարութեան հրապարակային յայտարարութեան ծանօթանալէ ետք նոր միայն:

Վարչապետի պաշտօնական կայքին մէջ տեղադրուած յայտարարութիւնները այնքան ալ խօսուն չեն. Մասնաւորապէս ըսուած է, որ անդրադարձ եղած է Շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատման (ՇՄԱԳ) ընթացակարգերուն, ծրագրի հսկելու հարցին, խնդրի իրաւական, տնտեսական, բնապահպանական երեսներուն եւ հանրային մտահոգութիւններուն: Նոր ՇՄԱԳ-ի անհրաժեշտութեան մասին որոշում կայ, թէ ոչ, հնարաւոր չէ եղած պարզել նաեւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան նիստի աւարտին:

Pashinyan-Environmental-Activists

Վերջին շրջանին լրագրողներու հետ շփումը սահմանափակած Փաշինեանը այս անգամ ալ հարցերու պատասխանել չէ ուզած: Լրագրողներուն հետ խօսած է միայն Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանն ու վստահեցուցած, որ երեք ժամ շարունակ քննարկած են միայն Ամուլսարի հարցը՝ առանց վերջնական եզրակացութեան գալու:

«Սրութիւն չկայ, շատ աւելի, էսպէս ասած, համերաշխ, եթէ էդ բառը տեղին է, անցել, լսել ենք կարծիքները եւ քննարկուել է [Ամուլսարի հարցը]», – նշած է Սիմոնեանը։

Լրագրողիներու հարցին, թէ ի՞նչ եզրայանգման եկած են, Ալեն Սիմոնեանը պատասխանած է. «Եզրայանգում չկայ, որ եզրայանգում լինի, հանրութիւնը այդ եզրայանգման մասին կ’իմանայ, եւ այդ բացութեան մասը մշտապէս ապահովւում է»։

«Ազատութեան» հարցին՝ վարչապետը դիրքորոշում ներկայացուցա՞ծ է, թէ՞ հիմնական լսած է պատգամաւորներու կարծիքները, ԱԺ փոխնախագահը արձագանգած է. «Վարչապետը խօսեց, որից յետոյ տեղի ունեցան հարցերի գրանցում, պատգամաւորները հարցեր ուղղեցին, վարչապետը պատասխանեց, ինչպէս նաեւ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը նոյնպէս ներկայ էր, նոյնպէս պատասխանեց հարցերին»։

«Վարչապետի դիրքորոշումը յայտնի է, ինչ վերաբերում է խօսքին, խօսքն այն մասին էր, թէ այսօրուայ դրութեամբ ինչ իրավիճակ է տիրում, այսինքն՝ ունենք էս եզրակացութիւնը, էս կարծիքը ունենք։ Նորման այն է, որ պէտք է լինի նենց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վնաս չկրի թէ՛ բնապահպանական առումով, թէ՛ մնացած բոլոր առումներով։ Մեր համար որեւիցէ խնդիր չկայ թէ՛ Ամուլսարը աշխատացնելու, թէ՛ Ամուլսարը չաշխատացնելու, եթէ դա կապուած է Հայաստանի Հանրապետութեան շահի հետ», – ըսած է Սիմոնեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment