Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Վիթալի Բալասանեանը Որպէս Վկայ Կանչուած Հարցաքննութեան

Վիթալի Բալասանեանը Որպէս Վկայ Կանչուած Հարցաքննութեան

by MassisPost

«Հայկական ժամանակ»ը կը  հաղորդէ,   այն մասին, որ  Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիթալի Բալասանեանը կանչուած էր ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութիւն՝ Մարտ 1-ի գործի շրջածիրէն ներս  հարցաքննուելու: Ան գործով վկայի կարգավիճակ ունի:

Հարցաքննութիւնը, սակայն չէ կայացած, քանի որ ան պատշաճ ծանուցուած չէ եղած:

Կայքը տեղեկացուցած է, որ ՅՔԾ-ն դեռ նոր ծանուցում Վիթալի Բալասանեանին չէ ուղարկած:

ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութեան մամուլի քարտուղար Մարինա Օհանջանեանը չէ մեկնաբանած Վիթալի Բալասանեանին հարցաքննութեան կանչելու մասին տեղեկութիւնները:

Աղբիւրի տեղեկութիւններով` Վիթալի Բալասանեանը հարցաքննութեան կանչուած է օրեր առաջ իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ըրած արտայայտութիւններու առիթով: Ան մասնաւորապէս յայտարարած էր.

«Ցոյց տուէք մի դէպք, որ բանակը կրակել է: Խօսում են, թէ կեներալները եկել են, հրամաններ են տուել, կեներալները կրակել են, 60 հոգի են առանձնացրել… Ի՞նչ է նշանակում ժողովրդի վրայ են կրակել: Ժողովրդի վրայ կրակել է Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն իր խմբով: Կը գայ ժամանակը, ես էլ տեղեակ եմ Մարտի 1-ի դէպքերից, ես էլ տեղեկութիւններ ունեմ՝ ինչ է կատարուել: Րոպէ առաջ պէտք է այդ երեւոյթին գնահատական տալ, եւ ազատութեան մէջ լինի Ռոպերթ Քոչարեանը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment