Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սահմանադրական Դատարանի Որոշումը Չի Կրնար Գործադրուիլ. Տիգրան Եգորեան

Սահմանադրական Դատարանի Որոշումը Չի Կրնար Գործադրուիլ. Տիգրան Եգորեան

by MassisPost

Փաստաբան Տիգրան Եգորեանի պնդմամբ՝ Մարտ 1-ի գործով մեղադրեալ Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումի վերաբերեալ Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) որոշումը անօրինական է: Փաստաբանը հիմնաւորած է՝ յղում ընելով Սահմանադրական դատարանի դեռ 2010 թուականին ընդունած 918 որոշման: Ըստ այս որոշման, եթէ դատարանի անաչառութեան եւ անկողմնակալութեան վերաբերեալ կայ կասկած եւ այդ պայմաններու մէջ կը կայացուի դատական որոշում, ապա այդ որոշումը չի համապատասխաներ Սահմանադրութեան սահմանած սկզբունքներուն եւ չի կրնար գործադրուիլ:

«Միայն այս հիմքը բաւարար է, որպէսզի հենց նոյն Սահմանադրական դատարանի կողմից ընդունուած որոշումը հիմք ընդունելով չկատարուի այս որոշումը, չգործադրուի այս որոշումը», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Եգորեանը։

Ըստ Տիգրան Եգորեանի, Քոչարեանի դիմումը քննած ՍԴ անդամները արդէն իսկ ունին կանխակալ վերաբերմունք, քանի որ անցեալին Մարտ 1-ի գործին առնչուող տարբեր որոշումներու վերաբերեալ նախկին իշխանութիւններու դիրքորոշումներուն կողմ քուէարկած են: Եգորեանը դեռ Յուլիսին դիմում ներկայացուցած էր Սահմանադրական դատարան՝ հիմնաւորելով ՍԴ կազմէն 7 անդամի մասնակցութիւնը Մարտ 1-ին առնչուող որոշումներուն: Քոչարեանի դիմումէն առաջ ալ Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Վահէ Գրիգորեանը միջնորդութիւն ներկայացուցած էր, որ ՍԴ նախագահ Հրայր Թովմասեանը եւ եւս երկու անդամ՝ Արեւիկ Պետրոսեանն ու Հրանդ Նազարեանը չեն կրնար անաչառ ու անկողմնակալ քննել այս գործը: Վահէ Գրիգորեանը փաստերով հիմնաւորած էր անոնց մասնակցութիւնը Մարտ 1-ին առնչուող գործերուն: Սակայն ՍԴ-ն առանց այս միջնորդութիւնը քննելու անցած է Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումի քննութեան՝ նոյն կազմով: Վահէ Գրիգորեանի մասնակցութեան անհնարինութեան վերաբերեալ աւելի վաղ որոշում կայացուած է, քանի որ անցեալին ան եղած է Մարտ 1-ի զոհերու իրաւայաջորդներու ներկայացուցիչը:

«Այս որոշման կայացմանը նաեւ մասնակցել են էսօր Սահմանադրական դատարանում անդամ հանդիսացող անձանց մի մասը, սա մի դիրքորոշում է, որի կիրառումը երէկ Սահմանադրական դատարանի անունից հրապարակուած անդամների որոշման նկատմամբ յանգեցնում է այդ որոշման Սահմանադրութեանը հակասող որակման», – ընդգծած է փաստաբանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment