Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արման Բաբաջանեանը Յայտարարած է Ազգային Ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» Խմբակցութիւնը Լքելու Մասին

Արման Բաբաջանեանը Յայտարարած է Ազգային Ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» Խմբակցութիւնը Լքելու Մասին

by MassisPost

ՀՀ ԱԺ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Արման Բաբաջանեանի՝ խմբակցութենէն դուրս գալու առնչութեամբ։

Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

« «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը յարգում է պարոն Արման Բաբաջանեանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ ակնկալում է նրանից նոյն սկզբունքայնութեամբ վերադարձնել «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան համամասնական ցուցակով ստացած մանտաթը։

Շնորհակալութիւն ենք յայտնում պարոն Բաբաջանեանին «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնում կատարած աշխատանքի համար եւ մաղթում յաջողութիւններ իր յետագայ գործունէութիւնում»։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Արման Բաբաջանեանը յայտարարած էր Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը լքելու մասին, սակայն պատգամաւորական մանդատը վայր դնելու մասին որոշում դեռ չէ կայացուցած։

«Մենք ընդդիմութեան կողմէն չենք տեսած ստեղծարարութիւն, նախաձեռնողականութիւն եւ նորարարութիւն: Ընդդիմութիւնը ձախողած է իշխանութիւնէն աւելի լաւը ըլլալու, ապագայի յոյսի իր առաքելութիւնը, ինչպէս որ ձախողած է իշխանութեանը այլընտրանք ըլլալու իր կարեւորագոյն դերակատարութեան հարցին մէջ: Վերը նշուած պատճառները եւ գործօնները այլեւս անհամատեղելի կը դարձնեն   զիս Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան հետ,  բան մը, որ  ցաւօք,  զիս  ստիպած է խմբակցութիւնէն դուրս գալու դժուարին որոշումը կայացնել: Այդ մասին պիտի յայտարարեմ Ազգային ժողովի յառաջիկայ նստաշրջանի մեկնարկի ընթացքին: Յառաջիկային պիտի տեղեկացնեմ՝ արդեօք կը հրաժարի՞մ նաեւ պատգամաւորական մանդատէն, թէ՞ քաղաքական ակտիւ գործունէութիւնս  պիտի  շարունակեմ անկախ պատգամաւորի կարգավիճակով»,- գրած է Բաբաջանեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment