1966 թուականի Mercedes-Benz 600 լիմուզինը, որ պատրաստուած է նաւթային արգայ Նուպար Կիւլպէնկեանի պատուէրով, աճուրդի պիտի հանուի Սեպտեմբեր 21-ին Sotheby’s-ի մէջ։
60-ական թուականներուն Կիւլպէնկեանը Mercedes ընկերութեան պատուիրած է լիմուզին ապակեայ տանիքով, բայց ընկերութիւնը չէ կրցած կատարել այդ խնդրանքը։ Այնուհետեւ ան գնած է սովորական ինքնաշարժ եւ այն փոխանցած ֆրանսական Henri Chapron ընկերութեան, որ կատարած է անհրաժեշտ կարգաւորումը, կը տեղեկացնէ Formacar կայքը։
Բացի ապակեայ տանիքէն, մեքենան ունի նաեւ ինքնատիպ ետեւի բազմոց, որ կը վերածուի երկտեղանոց մահճակալի, մինի-պար նստելատեղերու միջեւ, ծխախոտի պահարանիկներ եւ սարքերու վահանակ։ Կիւլպէնկեանը կ’ըսէր, որ իրեն հարկաւոր է սարքերու իր վահանակը, որպէսզի մշտապէս հետեւի վարորդին։
Կիւլպէնկեանի մահէն ետք լիմուզինը յայտնուած է անոր այգեպանի ձեռքը։ Մեքենան քանի մը տէր ունեցած է, բայց հիանալի վիճակի մէջ է։ Վաճառողները կը նախատեսեն անոր դիմաց առնուազն 300 հազար տոլար ստանալ։